
ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեքիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբի գործունէութեան գլխաւոր առանցքը կը հանդիսանայ շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ մատուցել կարիքաւորներու: Խոհանոցի իր մարդասիրական առաքելութիւնը կ՛իրագործէ շնորհիւ բարերարներու, որոնք նիւթական ներդրումով կը նպաստեն ծրագրի յաջողութեան:
Յանձնախումբը խոհանոցէն օգտուող կարիքաւորները ուրախացնելու եւ հաճելի ժամանակ անցընելու նպատակով կազմակերպեց միօրեայ պտոյտ մը դէպի Այնճար, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 23 մայիս 2016-ին: Ներկայ էին` Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Արամեանը, Շրջանային վարչութեան անդամ Սիլվա Գարակէօզեանը, յանձնախումբի ընկերուհիները եւ շուրջ 80 կարիքաւորներ:
Առաւօտեան կանուխ խումբը կազմ ու պատրաստ կը սպասէր փոխադրակառքերուն, որոնք ճամբայ ելան ժամը 9:00-ին:
Այցելութեան առաջին հանգրուանը եղաւ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցան գիւղի քահանայ հօր` Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանի կողմէ: Եկեղեցւոյ մէջ աղօթեցին «Տէրունական» եւ «Տէր ողորմեա՛» աղօթքները, ապա քահանայ հայրը ներկայացուց Այնճար հայաւանի պատմականը: Խումբը Մուսա Լերան հերոսամարտի համալիրին ծանօթանալէ եւ յիշատակի նկարներ նկարուելէ ետք բարձրացաւ փոխադրակառքերը եւ ուղղուեցաւ դէպի Այնճարի պատմական բերդը, շրջելէ ետք անոր շուրջ` շարունակեցին դէպի «Արեւ» ճաշարան:
Ճաշարանատէրը շատ սիրալիր ընդունելութեամբ, ձրիօրէն հիւրասիրեց խումբը` հրամցնելով համադամ ճաշեր եւ առատ պտուղ: Ան տրամադրեց նաեւ DJ-ը, որ հայկական Ճոխ երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:
Ներկաներուն ուրախութիւնը աննկարագրելի էր: Անոնք երգերով եւ շուրջպարերով արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը: Անմոռանալի եւ յիշատակելի ժամեր անցուցին եւ սրտի մեծ գոհունակութեամբ ու բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան` շնորհակալութիւն յայտնելով թէ՛ ճաշարանատիրոջ եւ թէ՛ յանձնախումբին:


