Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Ձեռնպահ Պիտի Քուէարկէ 2015-ի Պիւտճէի Կատարողականին

June 10, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_60916

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Ազգային ժողովի 2015 թուականի պետական պիւտճէի կատարողականին վերաբերեալ ելոյթին մէջ ըսած է, որ երբ 2015 թուականի պիւտճէն կը քննարկուէր խորհրդարանին մէջ, ՀՅԴ խմբակցութիւնը ներկայացուց իր մտահոգութիւնները եւ դէմ քուէարկեց այդ պիւտճէին, եւ հիմա արդէն այդ մտահոգութիւնները կը հաստատուին:

Անոր համաձայն, առկայ են երկու հիմնական մտահոգիչ ուղղութիւններ. «Առաջին խումբի խնդիրները խոչընդոտ են որեւէ տնտեսութեան եւ մեր երկրի տնտեսութեան զարգացման համար, երկրորդ խնդիրը կը վերաբերի կարեւոր այն քայլերուն, որոնք պէտք է կատարուին, որ մեր տնտեսութիւնը համապատասխանէ մեր այսօրուան մարտահրաւէրներուն», ըսած է Ռուստամեան:

Ռուստամեան շեշտած է, որ կան երկու հիմնական խոչընդոտները` փտածութեան իրավիճակը եւ անոր դէմ իրական պայքարի անարդիւնաւէտութիւնը, երկրորդը` տնտեսութեան մէջ գոյութիւն ունեցող մենաշնորհները:

Ռուստամեան կարեւոր նկատած է նաեւ գնողունակ պահանջ ձեւաւորելու հարցը` բացատրելով, որ այսօր մեր հասարակութեան զգալի մասը ունի տարրական կարիքները բաւարարելու լուրջ խնդիրներ: Պատգամաւորը նշած է, որ կառավարման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու առումով պէտք է տարուին աշխատանքներ, որոնք պիտի նպաստեն ներդրումներու առկայութեան:

«Մենք աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ կ՛աշխատինք, որպէսզի կարենանք ներդրողներ հրաւիրել մեր երկիրը: Բնական է, որ կան նաեւ բնական վտանգներ, մենք, ի վերջոյ, շրջափակուած երկիր ենք եւ այդպիսի երկիրներու համար հայեցակարգ պէտք է ունենանք: Ներդրումներու ծաւալը մեծցնելու իրական ներուժ գոյութիւն ունի` տեղական արտադրութեան ընդլայնման եւ ինքնաբաւ մեքանիզմներու միջոցով: Մենք պարտաւոր ենք առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու մասով ունենալ ինքնաբաւութեան շատ աւելի բարձր մակարդակ, ինչ որ  շատ հարցեր կրնայ լուծել: Պէտք է զարկ տանք գիւղատնտեսութեան, եւ այդ պատճառով հայեցակարգեր պէտք է մշակուին:

«Ռազմարդիւնաբերական համալիրի ամբողջացումն ալ շատ կարեւոր է: Վերջին պատերազմական գործողութիւնները յստակօրէն ցոյց տուին, որ մենք չենք կրնար ունենալ առանձին տնտեսութիւն` առանց նկատի ունենալու, որ մենք պատերազմի մէջ գտնուող երկիր ենք, մեր տնտեսութիւնը պէտք է սպասարկէ մեր ճակատը, պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ ունենանք իսկապէս կայացած ռազմարդիւնաբերական համալիր», ըսած է Ռուստամեան` աւելցնելով, որ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած վերջին քննարկումները լաւ յոյս կը ներշնչեն:

«Շատ կարեւոր կը նկատեմ այն հաւաքը, որ վերջերս տեղի ունեցաւ կառավարութեան մէջ, որուն ընթացքին փոխանակուեցան կարեւոր միտքեր, ուր շատ օգտակար ու կարեւոր առաջարկներ հնչած են: Այն խնդիրները, որոնք մեր առջեւ այսօր դրած ենք, կապուած տնտեսութեան որակի բարձրացման, տնտեսական քաղաքականութեան որակի հետ, ՀՅԴ-ՀՀԿ միացեալ համաձայնագիրին մէջ եւս ամրագրուած են», նշած է ան:

Ռուստամեանի համաձայն, ՀՅԴ խմբակցութիւնը 2015 թուականի հաշուետուութեան թեր չէ քուէարկած, հետեւաբար` կատարողականին ալ թեր չի կրնար քուէարկել: ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը նշած է, որ իրենք ձեռնպահ պիտի քուէարկեն:

 

 

 

Նախորդը

Շաւարշ Քոչարեան. «Գերմանիոյ Որոշումին Պատճառով Թուրքիան Դրուեցաւ Տարօրինակ Դրութեան Մէջ»

Յաջորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը` Սարգսեան-Փութին-Ալիեւ Հաւանական Հանդիպումին Մասին

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.