
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 յունիսին հանդիպում ունեցած է Պելճիքայի հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր: Նախագահը նշած է, որ Պելճիքայի հայ համայնքը մնայուն կերպով աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է հայրենիքին սատարելու առումով` յոյս յայտնելով, որ նման հայրենանուէր գործունէութիւն տարիներու ընթացքին ալ աւելի կ՛ընդարձակուի եւ կը զարգանայ:
Նոյն օրը նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցած է Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի եւ դեսպանութեան աշխատակիցներուն հետ: Արծարծուած են եւրոպական տարբեր կառոյցներու մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: Նախագահ Բակօ Սահակեան նշած է, որ այդ մակարդակի վրայ առկայ են կապերու ընդարձակման ու խորացման բաւարար հիմքեր` աւելցնելով, որ համադրելով Հայաստանի, սփիւռքի եւ Արցախի ջանքերը` կարելի է յաջողութեամբ իրականացնել որեւէ առաջադրանք:


