ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ճաշի ժամուն դադար մը առէք ձեր գործակիցներուն հետ, որպէսզի յետոյ աւելի եռանդով կարենաք աշխատիլ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր տան յարդարանքին համար վէճ մը պիտի ունենաք ընտանիքի անդամներուն հետ: Ինքնագլուխ մի՛ աշխատիք եւ ձեր ուզածը մի՛ պնդէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կրնաք հանդարտեցնել պայթուցիկ մթնոլորտ մը ընտանեկան յարկին տակ: Խոհեմութեամբ մօտեցէք հարցերուն եւ կարգադրեցէք ամէն ինչ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր տնային աշխատանքները կը յարմարին ձեր բնաւորութեան: Խնդիր մը ունիք, որ պիտի ունենայ լուծում մը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ փորձէք ձեր հմայելու կարողութիւնը, պիտի նկատէք, թէ անիկա ազդեցիկ կերպով կը գործէ: Օգտագործեցէք ձեր այս շնորհքը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանեկան աւանդութիւն մը առիթ պիտի ստեղծէ հաւաքելու ընտանիքին բոլոր անդամները, ինչ որ պատճառ պիտի ըլլայ հաճելի ժամեր անցընելու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բաւական երկար դադարէ մը ետք անձնական ծրագիր մը պիտի քալէ լաւ ուղղութեամբ: Պիտի յաջողիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կը յառաջդիմէք ըստ ձեր ծրագրին` առանց նեղութիւն տալու ուրիշներուն: Օրինակելի էք ուիշներուն համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընթերցանութիւնը կամ գրելը առիթ պիտի տայ ձեզի` վերլուծելու ձեր միտքերը եւ յառաջանալու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի կարենաք ձեր պարտքերը վճարել: Այս իրողութիւնը պիտի գոհացնէ ձեզ, եւ ամէն մարդ պիտի հիանայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ պիտի բանակցիք ոեւէ մէկուն հետ, ձեր կարելիութիւնները ամբողջութեամբ մի՛ ցուցադրէք: Թոյլ տուէք, որ ձեր խօսակիցը արտայայտէ իր տեսակէտը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կանուխ քնացէք, քունը շատ կարեւոր է: Եթէ դժուար կը քնանաք, ընթերցանութիւն մը ըրէք հետաքրքրական նիւթով: Նոյնպէս թեթեւ ընթրեցէք:
