Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարէն Խանլարեան Քաղաքական Լուրջ Քայլ Նկատեց Իրանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Այցեգիրի Վերացումը

Յունիս 8, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

garen_60716

Իրանի խորհրդարանի անդամ Կարէն Խանլարեան «Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Իրանի ու Հայաստանի միջեւ այցեգիրի դրութեան վերացումը քաղաքական լուրջ քայլ էր:

«Այդ կարգի դրութիւն սահմանելը ընդհանրապէս կը կայանայ դաշնակից կամ բարեկամ երկիրներու միջեւ: Հետեւաբար նման որոշում  քաղաքական լուրջ քայլ էր Իրանի ու  Հայաստանի կողմէ: Առանց այցեգիրի դրութիւնը, բնականաբար, նախ եւ առաջ զբօսաշրջութեան վրայ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ, անկէ բացի, պիտի նպաստէ տարբեր մարզերու մէջ կողմերու գործակցութեան աշխուժացման», ըսած է Կարէն Խանլարեան:

Անոր համաձայն, կը նախատեսուի, որ յառաջիկային աշխուժութիւն արձանագրուի, որովհետեւ թէ՛ երկկողմանի համագործակցութիւնը առաւել զարգացնելու լուրջ հեռանկարներ կան, եւ թէ՛ առկայ է պատրաստակամութիւն:

«Բաւական մեծ հեռանկարներ կան: Հայաստանը կը նկատուի իբրեւ  տարանցիկ երկիր դառնալու տարբերակ, կայ ուժանիւթի աղբիւրներու  տեղափոխման հեռանկար, Իրան-Հայաստան երկաթուղիի ծրագիրը, զբօսաշրջութիւնը, առեւտուրի մարզը: Ինչպէս կը տեսնէք, ուղղութիւնները շատ են: Այսօր այդ բոլորին վերաբերեալ կը հնչեն պաշտօնական յայտարարութիւններ, բայց համոզուած եմ, որ հիմք պիտի  դառնան հետագայ գործնական քայլերու համար: Այդ ամէնը կը վկայեն այն մասին, որ շօշափելի ապագային գործնական քայլերը հաստատ կ՛ըլլան: Մանաւանդ որ իրանցի գործարարներու շրջանակին մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կայ: Հայաստանը Եւրասիական միութեան անդամ է, եւ կը քննարկուի Հայաստանի միջոցով այլ երկիրներ դուրս գալու գաղափարը», հաստատած է Կարէն Խանլարեան` ընդգծելով, որ Իրանի մէջ հայ համայնքը, հայ գործիչները եւս պիտի նպաստեն երկկողմանի յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման:

Անդրադառնալով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Իրան տուած այցելութեան եւ հոն ունեցած հանդիպումներուն` Կարէն Խանլարեան նշած է, որ ինք անձամբ ներկայ եղած է Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Իրանի խորհրդարանի նախագահին միջեւ հանդիպումին:

«Պարոն նախարարը հանգամանօրէն ներկայացուցած է քառօրեայ պատերազմի բոլոր կողմերը թէ՛ զինուորական, թէ՛ քաղաքական տեսանկիւնէն: Խօսուած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապին մէջ երրորդ, չորրորդ երկիրներու միջամտութեան մասին: Իրանը այդ կապակցութամբ ունի սկզբունքային մօտեցում` խնդիրը պէտք է լուծուի բանակցութիւններով: Իրան դէմ է պատերազմական գործողութիւններով հարցի լուծման», աւելցուցած է Կարէն Խանլարեան: Ան յատկանշական նկատած է այն, որ Էդուարդ Նալբանդեան յատուկ կերպով անդրադարձած է ընդհանուր շահեր ներկայացնող հարցերու, օրինակ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:

 

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Գերմանիոյ Կառավարութենէն Կը Սպասենք Պունտեսթակի Դիրքորոշումին Չհամապատասխանող Դիրքորոշում Մը»

Յաջորդը

«Ես Անձամբ Պիտի Շարունակեմ Հանդէս Գալ Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւններու Սկսելու Օգտին» Կ՛ըսէ Մերքել

RelatedPosts

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու  Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին
Հայկական

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ  Զինուորական Ծառայութեան  Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինուորական Ծառայութեան Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ  Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը
Հայկական

Ըստ Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?