Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. «ԱՊԻԿԱՐ ԾԱՌԱՆԵՐ ԵՆՔ, ԻՆՉ ՈՐ ՊԱՐՏԱԿԱՆ ԷԻՆՔ ԸՆԵԼ, ԸՐԻՆՔ»…

September 19, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընթերցող, մեր օրաթերթը հրապարակեց «Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի մէջ հաստատման 200-ամեայ յոբելեան (1811-2011)»ին ճոխ յայտագիրը, որ կը բաղկանայ «ակադեմական հանդէս» եւ «հանդիսական ձայնաւոր Ս. պատարագ» երկու մասերէն (տես «Ազդակ», ուրբաթ, 2 սեպտեմբեր 2011, էջ 3ա):

Շաբաթ, սեպտեմբեր 10-ին, եւ կիրակի, սեպտեմբեր 11-ին, ընդհանրապէս գերմանախօսներուն համար կազմակերպուած ձեռնարկներուն ներկայ ըլլալու, աւելի ճիշդ` մասնակցելու պատիւը եւ բերկրանքն ունեցայ Վիեննայի մէջ: Մխիթարեան եւ օտարազգի բանախօսները ելոյթ ունեցան գերմաներէնով:

Ստուգիւ, Մխիթարեան միաբանութիւնը, որ իր վենետիկեան ու վիեննական ուխտերով 17 յուլիս 2000-ին վերամիացած էր, ապրեցաւ երկու յոբելենական օրեր, որոնց շատ համառօտ բանախօսութիւնները գլխաւորապէս արտացոլացին երկու հարիւր տարիներու «Վիեննական Մխիթարեան միաբանութիւն. պատմական ակնարկ»ը, «Վիեննական Մխիթարեաններու հոգեւոր նկարագիրը», «Վիեննական Մխիթարեաններու նպաստը հայագիտութեան», «Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանի ձեռագիրները» եւ «Վիեննայի Մխիթարեան տպարանը»:

Մխիթարեան յոբելեանը կը նախապայմանէ երկու հարիւր տարիներու դէպքերով եւ դէմքերով ատոքացած, ինչպէս ալ բերկրանքներով ու տառապանքներով բերրիացած անցեալ մը, որուն պատմական ուրուագիծը հազիւ տալու կոչուած այս ակադեմական ձեռնարկին ներկայ հայ եւ օտար եկեղեցական, քաղաքական, դիւանագիտական, մշակութային ու պարզ հանդիսականները խոր հոգեմտաւոր բաւարարութեամբ հեռացան վանապատկան «Մարիամ` պաշտպանութիւն» նախկին ճարտարապետական ոճին ու գեղագիտական յարդարանքին վերադարձուած եւ նորոգուած եկեղեցիէն:

Երկու դարերու ընթացքին պաշտօնավարած տասներկու ընդհանրական աբբաներուն տիրական ներկայութիւնը կը պարտադրէ խոր ակնածանքը` նկատմամբ անոնց կատարած գործին, որ շաղախուած է ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նաեւ` իմացական արիւնով ու քրտինքով:

Երեքէ չորս հարիւր կրօնաւորներու լուսափայլ դէմքերը կը շողշողան դիմացդ` իբրեւ մարմնացումներն ինքնամոռացումի եւ անձնազոհողութեան, եւ այն` միշտ ի խնդիր Աստուծոյ, Եկեղեցիին ու Ազգին ծառայութեան:

Հանճարեղ գաթըրճեաններու, յովնանեաններու, սպենեաններու, այտընեաններու, տաշեաններու, ակինեաններու, կոգեաններու եւ ոսկեաններու աստղահոյլին շառայլէն կը լոյս-անաս, եթէ նոյնիսկ միայն լսես անոնց հեղինակած աշխատասիրութիւնները, որոնք իրենց որակով ու քանակով անփոխարինելի երկերն են հայ դպրութեան մէջ ու հայ մշակոյթին բոլոր բնագաւառներուն համար:

«Եւրոպա» աշխարհաբարակերտ պարբերականին (1847-1863) եւ «Հանդէս Ամսօրեայ» հայագիտական ուսումնաթերթին (1887-էն սկսեալ) համամարդկային ու համազգային բարձրագոյն մակարդակն արժանի է միայն համանուագային ներբողանքին:

Հոգեւոր, բարոյական, ազգային, մատենագրական, պատմաբանասիրական, ձեռագրագիտական ու հայկաբանական մատենաշարներու բազմազանութիւնը եւ անոնց հարիւրաւոր հատորներու առկայութիւնը մեծ հիացում կ՛առթեն ունկնդիրներուն կամ այցելուներուն, որոնք կը մատնուին անակնկալահար պապանձումի…:

Մատենադարանին, ձեռագրատան, թերթանոցին, դիւանին, աւանդատան ու թանգարանին մէջ հաւաքածոներու աներեւակայելի փարթամութիւնը խօսուն եւ մնայուն փաստն է ոչ միայն հայ մտքին ու դաստակին, այլ նաեւ` ծանօթ ու անծանօթ Վիեննական Մխիթարեաններու հետեւողական աշխատանքին ու վարած «դիւանագիտութեան», որոնց շնորհիւ կրցան փրկել, մէկտեղել եւ պահպանել մեր տոհմային գանձերը` հասած մեզի բոլոր դարերէն:

Անցեալի ու ներկայի դպրոցներու մակարդակը եւ անոնց մէջ ջամբուած մարդկային, ազգային ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը միշտ դարձած են մարդակերտումի, հայակերտումի եւ քրիստոսակերտումի օրրանը` բիւրաւոր սան-սանուհիներու համար:

Երկդարեան յոբելեանին լուսահեղ յորձանքին մէջ եւ լուսաշող արտադրանքին դիմաց, Վիեննական Մխիթարեաններ կը լսեն քաջալերող ու սփոփիչ ձայնն Անոր, որ Աստուածային Իմաստունն է. «Դուք, երբ կատարէք ինչ որ ձեզի հրամայուած է, ըսէ՛ք. «Ապիկար ծառաներ ենք, ինչ որ պարտական էինք ընել, ըրինք» (Ղկ. 17,10):

Այս հրահանգին հաւատարիմ գործադրումով կը կերտուին յոբելենական ամեակները, որոնց արժեւորումին ու արժէքաւորումին տարողութիւնը կը թեւակոխէ յաւերժութեան սեմը…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Վիեննա, 12 սեպտեմբեր  2011

Նախորդը

«ՁԵՌՔ ՁԵՌՔԻ»(HAND IN HAND)(ՀԵՂԻՆԱԿ` ԹԱՄԱՐ ԱԲՈՎԵԱՆ-ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ)

Յաջորդը

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԱՐԱԲՆԵՐԸ` ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՏԱԼԷ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.