95 տարի առաջ նոյն այս օրը գերմանական դատարանը անմեղ ճանչցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանը:
2-3 յունիս 1921-ին Գերմանիոյ դատարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան ահաբեկած, հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի երկօրեայ դատավարութիւնը, որուն աւարտին` Թեհլիրեան անմիջապէս անպարտ կ՛արձակուի դատարանի դահլիճէն:
2 յունիս 2016-ին Գերմանիոյ խորհրդարանը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որ ունի «1915 թուականին հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» անուանումը: