
Lenta.ru կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով բացատրած է, թէ ինչո՛ւ Վլատիմիր Փութին մերժած է մասնակցիլ ՄԱԿ-ի մարդասիրական վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ մէջ, 23-24 մայիսին:
Ըստ անոր, նախագահի աշխատանքային օրակարգին մէջ այդպիսի այցելութիւն չէ նախատեսուած: «Ռուսիան պիտի ներկայացուի այլ մակարդակով», ըսած է Փեսքով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած է, որ Պոլիս պիտի մեկնի միջնախարարական պատուիրակութիւն մը` Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարի տեղակալին գլխաւորութեամբ:


