Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին Զգուշաւոր Լաւատեսութիւն Կը Յայտնէ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Ընթացքին Վերաբերեալ

Մայիս 18, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տմիթրի Փեսքով
Տմիթրի Փեսքով

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քրեմլինի մէջ այն կարծիքը ունին, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ կարելի է զգուշաւոր լաւատեսութիւն յայտնել:

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնած է. «Մենք կ՛ուզենք յուսալ, որ զուսպ լաւատեսութեան հիմքեր կան այն առումով, որ ատիկա (Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը) թոյլ պիտի տայ շարունակել կայուն զինադադարը»:

Ան նշած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տագնապի լուծման նպաստող ջանքեր կը գործադրէ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ այդ հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է պահպանելու զինադադարի դրութիւնը, որ հաստատուած է 1994-1995 թուականներու համաձայնագիրներով:

«Համաձայնութիւն գոյացած է, որ ԵԱՀԿ-ն ձեռնամուխ ըլլայ շփման գիծին վրայ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրման աշխատանքին: Յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները պիտի յստակացնեն յաջորդ հանդիպման ժամկէտը եւ վայրը, որպէսզի շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջնական լուծման հասնելու բանակցութիւնները», յայտարարած է Լաւրով:

Լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է փոխզիջում, Լաւրով պատասխանած է. «Փոխզիջումը միշտ կարելի է: Եթէ այդպիսի կարելիութիւն չըլլար, Ռուսիան, Ֆրանսան ու Միացեալ Նահանգները չէին աշխատեր այդ ուղղութեամբ: Պիտի շարունակենք ամբողջական եւ բազմակողմ լուծում գտնելու ուղղութեամբ աշխատանքը, առջեւ պիտի երթանք քայլ առ քայլ»:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Տումայի ԱՊՀ-ի գործերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի ղեկավար Լէոնիտ Սլուցքի կարծիք յայտնած է, որ Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի ծիրին մէջ 16 մայիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնները պէտք է վերջ դնեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան:

Սլուցքի երէկ լրագրողներուն յայտարարած է. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ մէկ օր առաջ Վիեննայի մէջ գոյացած համաձայնութիւնները պէտք է վերջ դնեն այսպէս կոչուած ապրիլեան ճգնաժամին եւ սահմանին վրայ կացութեան սրման: Ատիկա չափազանց կարեւոր է այն բանի հաշուառումով, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը շարունակէ բոցկլտալ, արիւնահոսիլ եւ կեանքեր խլել»:

Այս տեսանկիւնէն, ըստ անոր, «Վիեննայի համաձայնութիւնները պէտք է ղարաբաղեան տագնապի համապարփակ լուծման օրինակ դառնան»: «Յոյսով եմ, որ անիկա պիտի գտնուի տեսանելի ապագային մէջ: Ասիկա այն խնդիրն է, որ մենք իրաւունք չունինք ձգելու յաջորդ սերունդին», աւելցուցած է Սլուցքի:

 

 

Նախորդը

Ռուս Սահմանապահները Ձերբակալած Են Հայաստան-Թուրքիա Սահմանը Կտրող Մը

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Տագնապի Վերջնական Հանգուցալուծման Հասնելու Համար Պէտք Է Վերականգնուի Բանակցութիւններու Եռակողմանի Ձեւաչափը»

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը»  Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին
Հայկական

Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?