ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մէջ «Արեւմտեան Քիւրտիստան»-ի ներկայացուցիչ Ռոտի Օսման յայտնած է, որ սուրիացի քիւրտերը Ժընեւի բանակցութիւններուն մասնակցելու հրաւէր չեն ստացած:
«Սուրիացի քիւրտերը պատրաստ են պաշտպանելու Ռուսիոյ եւ միջազգային այն ջանքերը, որոնք նպատակամղուած են երկխօսութեան ճամբով սուրիական քաղաքական ճգնաժամի լուծման», յայտարարած է ան:
«Մենք կը գնահատենք Ռուսիոյ դրական վերաբերմունքը, որ կը պնդէ քիւրտերու, սուրիական բոլոր կողմերու մասնակցութիւնը Սուրիոյ ապագայի քննարկման», ըսած է Օսման` աւելցնելով. «Անկարելի է լուծել սուրիական ճգնաժամը եւ Ժընեւի բանակցութիւններուն մէջ յաջողութեան հասնիլ առանց երկրի բոլոր ընկերային բաղադրիչներու ներկայացուցիչներուն, ներառեալ` քիւրտ ժողովուրդի մասնակցութեան»:
Ան ափսոսանք յայտնած է, որ քիւրտերը մինչեւ հիմա «Ժընեւ-3»-ին մասնակցելու հրաւէր չեն ստացած:
Ռոտի Օսման յայտնած է. «Երկրի ապագայի քննարկումէն քիւրտերու մեկուսացումը, բանակցութիւններու հոլովոյթէն անոնց բացառումը չի ծառայեր սուրիական ճգնաժամի լուծման»: