Հայրենի «Նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ գերմանացի մտաւորականները բաց նամակ յղած են Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին` կոչ ուղղելով, որ 2 յունիսին խորհրդարանին մէջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն ջարդերուն մասին բանաձեւի քննարկումին ընթացքին վերջապէս օգտագործուի ցեղասպանութիւն եզրը:
«Գերմանիոյ խորհրդարանն ու անոր նախորդած կառոյցները 100 տարի լռութեան մատնած են Հայոց ցեղասպանութեան թեման: Գործընկերութիւնը փուլ չի գար արտասանուած բառերու պատճառով, այլ չարտասանուած բառերու պատճառով:
«Մենք կոչ կ’ուղղենք` 2 յունիսին յստակ դիրքորոշում որդեգրելու եւ հայ ժողովուրդին դէմ յանցագործութիւնը անուանել այնպէս, ինչպէս որ իրականութեան մէջ եղած է` ցեղասպանութիւն: Խօսքը պատմական դասակարգման մասին չէ այնքան, որքան զոհերուն յաջորդող սերունդներէն ներողութիւն խնդրելու: Պատկերացուցէք, որ դուք կ’ապրիք Գերմանիոյ մէջ, իսկ Ողջակիզումը ճանչցուած չէ: Ասիկա արդեօք ոճիրի շարունակութիւն չէ՞:
«Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը բռնութեան նոր ալիք ստեղծած է ներկայիս: 1915-ին հայերը ահաբեկիչներ կը նկատէին ու կը սպաննէին: Միայն 2015-ին Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 5 հազար քիւրտ սպաննուած է` զանոնք ահաբեկիչներ որակելով: Քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը հայերուն սպառնացած է` ըսելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անոնք կրակին հետ կը խաղան, ի վերջոյ Թուրքիոյ մէջ այսօր աւելի քան 100 հազար հայ կ’ապրի: Մենք համոզուած ենք, որ այդ բոլորը այսօր կարելի է միայն այն պատճառով, որ Թուրքիան հետեւողական կերպով կը հրաժարի իր պատմութեան հետ առերեսուելէ: Թուրքիոյ ե՛ւ պատմական անցեալի, ե՛ւ ներկայի պահուածքը միջազգային դաշտին մէջ լուրջ արձագանգ պէտք է ունենայ», նշուած է նամակին մէջ:
Նամակը ստորագրած են նաեւ թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքըն, Տրեզտենի սիմֆոնիք նուագախումբի տնօրէն Մարքուս Ռինտթ, ծագումով հայ յօրինող Մարք Սինան, Սաքսոնիոյ ազգային գրադարանի տնօրէն Թոմաս Պիւրկեր, գրող Տողան Աքանլը, բեմադրիչ Այսուն Պատեմսօ-Փեթցոլտ եւ ուրիշներ: