Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սայաթ Նովայի Շառաւիղները

May 11, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՍԱԼՄԱՆԵԱՆ

SayatNova4_022816

Անցեալ ամիսներուն Լիբանանի առօրեան ճնշող մթնոլորտը թօթափելու յարմար առիթ մը ընծայուեցաւ հայ մշակութասէրներուն` ըմբոշխնելու համար յատուկ ոճի  պատկանող երաժշտութիւն մը: Հին դարերէն մեզի ժառանգուած այս ոճը ինքզինք պարտադրած էր իբրեւ մշակութային որոշ խաւի մը արտադրութիւնը: Ան սեփականութիւնն էր այն հատուածներուն, որոնք արտայայտութեան լաւագոյն միջոցը նկատած էին դրսեւորելու իրենց ներաշխարհը յուզող ազդակները: Այս ընելով` անոնք ոչ միայն ժամանակաւոր յագեցուցին իրենց անձը, այլեւ հարստացուցին, ապագայի նկատմամբ, հայ բանահիւսութիւնը, գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը: Սոյն ոճը մշակութապէս առանձնաշնորհեալ հազուագիւտ ժողովուրդներու մօտ աճած ու թողած էր իր անքողարկելի դրոշմը:

Սակայն որ՞ն է այդ ոճը: Անիկա աշուղ-գուսանական ոճն է, որ դարեր շարունակ ականջալուր հայ անհատին սիրտը բաբախած ու երեւակայութեան թեւ տուած կը ծաւալէր անժամանակավրէպ դարձնելով իր գոյութեան իմաստը: Ու՞ր կը կայանայ անոր արժէքը: Այս հարցումին պատասխանը հետեւեալը պիտի ըլլայ, ըսելով, որ հայ աշուղ-գուսանը բանաստե՛ղծն է, յօրինո՛ղն է, երգո՛ղն ու ճարտար մեկնաբա’նն է իր անձնական յօրինումներուն. իսկ երաժշտական գործիքները` իւրայատուկ, ինչպիսին բլուլը, տհոլը, տուտուկը, քամանչան, քանոնը, սազը, շուին, թառը, սանթուռը, զուռնան, թմբուկը, ուտը, դափը, եւլն:

Sa-(637)

Հայ աշուղ-գուսանը ներմուծած էր վերոյիշեալ գլխաւոր յատկանիշներ` հակառակ նմանօրինակ ոճի պատկանող ֆրանսական թրուվեր-թրուպատուրներուն, ժոնկլէօրներուն կամ գերմանական միննեզինկըր-մայսթերզինկըրներուն, որոնք կա՛մ գրող-յօրինող կա՛մ մեկնաբաններ էին, եւ  որոնք կը թափառէին շրջանէ շրջան, պալատէ պալատ` արտայայտելու իրենց տենչը:

Գալով այս ոճին կորիզը կազմող նիւթի իմաստին` ան ընդհանրապէս եւ բոլորին կողմէ երգուած սէրն էր ու առօրեայ կեանքի այն վերիվայրումները, որոնք կը բեռնաւորէին մարդ արարածին հոգեկանը:

Իսկոյն, այս յատկութիւնները բոլորը մէկտեղելով, հայրենիքէն հասած «Սայաթ Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր անսամպլը, ղեկավարութեամբ փրոֆեսէօր Թովմաս Պօղոսեանի, ընկերակցութեամբ վերոյիշեալ յատուկ երաժշտական գործիքներու նուագախումբին, ներկայացաւ հոծ հանրութեան, «Էմիլ Լահուտ» լայնատարած սրահին մէջ: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր լոկ աշուղական` սիրային, հայրենասիրական, ազգագրական երգեր, որոնք սակայն բնաւ երբեք օտար չէին մեզի համար, կարելի է ըսել, թէ անոնք մեր առօրեային մաս կազմող մասնիկներն էին: Տպաւորիչը այն էր, որ անսամպլը իր լման կազմով` երգչախումբով, մեներգներով, զուգերգներովն ու նուագախումբով, լման հանդերձանքով, գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ, հաճելի ձայներով, անվարան չափողութեամբ, բծախնդիր աշխատանքով, անվերապահ երգացանկով, նոր թէ աւագ սերունդի պատկանող աշուղներով, ինչպէս` Սայաթ Նովա, Ջիւանի, Շերամ, Վահրատ,… գրաւեցին ունկնդրին ուշադրութիւնը: Աւելի տպաւորիչ եղան փրոֆեսէօր Թ. Պօղոսեանի խօսքերը, երբ ան հաստատեց` ըսելով, թէ այս աւագ սերունդի պատկանող աշուղներն ու իրենց ստեղծագործութիւնները գոյութիւն պիտի չունենային այսօր առանց սփիւռքի հայութեան, ու աւելցուց, որ սփիւռքն էր այս գանձը պահողը, վերայժմէացնողը, վերարժէւորողը, կեանքի կոչողը:

Այս տողերէն բխած արտայայտութիւնները կը մղեն մեզ  գօտեպնդելու մեր հաւատքը մեր մշակոյթին հանդէպ ու կը թոյլատրեն ըսելու` մեզի ժառանգուածը թո՛ղ որ արժանաւորապէս կտակենք մեր յաջորդներուն:

Գիտակից իր առաքելութեան` Համազգայինի մշակութային միութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլոր հայ մշակութային միութիւնները կը միտին ձեռնարկել նմանօրինակ հանդիսութիւններ հայ մշակոյթի ջահը անմար պահելու ու արժէքը անխաթար պահպանելու տեսլականով:

 

 

Նախորդը

Գեղանկարիչ Զոհրապի «Դառնալով, Դառնալով Եւ Դառնալով» Ցուցահանդէսը` Կեանքի Արեւու Եւ Յոյսի Աղբիւր

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Սպառազինման Մասնակցելով` Կարելի Չէ Խաղաղութիւն Ստեղծել

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.