Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց ընտրական օրէնքի մշակման խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերու նիստին:
Նիստէն ետք երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ Պըրրի նիստը յետաձգած է հինգշաբթի, 19 մայիսին եւ համապատասխան նախարարները հրաւիրած է ներկայ գտնուելու այդ նիստին:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիները լիբանանեան խորհրդարանին մէջ 6-12 երեսփոխաններու միջոցով ներկայացնելը կը համընկնի առաջարկուած բոլոր օրէնքներուն:
Իր կարգին, երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ իրենց պահանջը պիտի ըլլայ Լիբանանը վերածել մէկ ընտրաշրջանի` որդեգրելով համամասնական դրութիւնը: