Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պասին կոչ ուղղած է հրապարակաւ արտայայտելու Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնը թրքական խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի անվտանգութեան հարցով:
Վերջերս Թուրքիոյ խորհրդարանին եւ սահմանադրական յանձնախումբին մէջ Փայլան ենթարկուած է ֆիզիքական բռնութիւններու եւ սպառնալիքի, ինչ որ ինք` երեսփոխանը որակած է իբրեւ «Լինչի դատաստան տեսնելու փորձ»:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Արամ Համբարեան դեսպան Ճոն Պասին ուղղուած նամակին մէջ յիշեցուցած է, որ տարիներ առաջ ալ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը որեւէ մտահոգութիւն չյայտնեց Հրանդ Տինքի անվտանգութեան հետ կապուած, թէեւ իրենք բազմիցս բարձրացուցած էին այդ հարցը:
«Այս ցաւալի փորձառութիւնը նկատի ունենալով` այժմ ժամանակն է, որ մեր կառավարութիւնը հրատապ կերպով եւ հրապարակաւ իր մտահոգութիւնը յայտնէ Կարօ Փայլանի անվտանգութեան հարցով, ինչպէս նաեւ դատապարտէ Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ եւ ատկէ դուրս գտնուող բոլոր անձերը, որոնք ատելութիւն կը սերմանեն խիզախ քաղաքացիական ղեկավարին դէմ, որ կը խօսի ճիշդ եւ ազնիւ կերպով մարդու իրաւունքներու, հանդուրժողականութեան, բազմազանութեան եւ Ցեղասպանութեան հարցերով», կը նշուի Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին ուղղուած նամակին մէջ: