
Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Աթլեթիքօ Պուքարամանկա, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Խունիորի հետ:
Մրցումին 28-րդ վայրկեանին Աթլեթիքոյի յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեան նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը` փենալթիով: Ան փոխարինուեցաւ 64-րդ վայրկեանին, կը յայտնէ ArmSport.am:
Նշենք, որ Աթլեթիքօ այժմ 18 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 13-րդ դիրքը, մինչ Խունիոր 25 կէտով կը գտնուի 5-րդ դիրքին վրայ:


