
ՖԻՏԷ-ի կողմէ հրապարակուած մայիս ամսուան ճատրակի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան այժմ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը (2784): Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2851):
ArmSport.am կը շարունակէ լուրը հաղորդել նշելով, որ այս դասաւորման մէջ նկատի չեն առնուած նախորդ շաբաթավերջին աւարտած Նորվեկիոյ ճատրակի գերմրցաշարքին արդիւնքները, ուր Արոնեան հանդիսացաւ 2-րդ:
Ոչ պաշտօնական դասաւորման մէջ այժմ Արոնեան կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը:
Ապրիլ ամսուան հետ բաղդատած, հայրենի կրանտմասթըր Վլատիմիր Յակոբեան բաւական կարեւոր վերելք մը արձանագրեց` 98-րդ դիրքէն բարձրանալով 44-րդ դիրք (2675): Նշենք, որ 44 տարեկան Յակոբեան վերջերս բաւական յաջող խաղարկութեամբ հանդէս եկաւ Տուպայի մրցաշարքին:
Գաբրիէլ Սարգսեան (2689) կը գրաւէ 49-րդ դիրքը, իսկ Սերկէյ Մովսիսեան (2660)` 89-րդ դիրքը: