Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թող Ոչ Ոք Կասկածի` Մենք Վստահ Քայլերով Պիտի Հասնինք Մեր Բոլոր Նպատակներու Իրականացման» Շեշտեց Նախագահ Սարգսեան

May 5, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sargsian_50416

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 4 մայիսին հանդիպում ունեցած է Հանրային խորհուրդի անդամներուն հետ: Ան պատասխանած է իրեն ուղղուած բազմաբնոյթ հարցումներուն, լսած է ներկայացուած առաջարկներն ու կարծիքները` հասարակութիւնը հետաքրքրող եւ մտահոգող շարք մը հարցերու վերաբերեալ, ներկայացուցած է իր մօտեցումները:

Նախագահին ուղղուած հարցումները կը վերաբերէին ապրիլ ամսուան  սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, այդ օրերուն հայկական բանակի գործողութիւններուն, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք համախմբուածութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթի հեռանկարին, համահայկական ներուժի համախմբման:

Հանդիպումին մասնակիցները համակարծիք եղած են այն մասին, որ համազգային, համապետական խնդիրներու շուրջ միասնականութիւնը, համախմբուածութիւնը պէտք է մնայուն ըլլայ, անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւրը իր տեղին, իր մասնագիտութեան համաձայն արդիւնաւէտօրէն գործելու առաւելագոյն ջանք ներդրէ` այդպիսով օգտակար ըլլալով ընդհանուր յաջողութեան:

Քննարկուած են այդ տեսանկիւնէն պետութեան ակնկալիքները գիտական, հասարակական-քաղաքական շրջանակներէ, ինչպէս նաեւ Հանրային խորհուրդէն` առկայ ներուժը լիարժէքօրէն օգտագործելու համար:

«Թող ոչ ոք կասկածի` մենք վստահ քայլերով պիտի հասնինք մեր բոլոր նպատակներու իրականացման: Ապրիլի սկիզբը մենք յաղթեցինք, յաղթեցինք մեր միասնական կամքին ու մեր հաւատքին շնորհիւ: Մեր յաղթանակները պիտի շարունակուին, պիտի շարունակուին բոլոր մարզերուն մէջ: Այսօր ձեզմէ` Հանրային խորհուրդի անդամներէն կ՛ակնկալեմ ձեր մասնաբաժին աջակցութիւնը մեր հետագայ յաղթանակներու ապահովման գործին մէջ: Մենք նախ եւ առաջ մեր հանրութեան մէջ պէտք է վառ պահենք յաղթանակի բերկրանքը, հաւատքը սեփական ուժերուն նկատմամբ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է դառնայ միասնութեան քարոզիչ, միաւորող առաջնորդ: Երբ մենք միասին ենք ու վստահ մեր ուժերուն, ոչ ոք կրնայ մեզ վնասել: Իսկ մենք այսօր միասին ենք ու վստահ մեր ուժերուն: Ուրեմն` մեր հրապարակային գործունէութեամբ, մեր խօսքով ու գործով ընենք այնպէս, որ վաղն ալ նոյն եռանդով միասնական ու վստահ ըլլանք: Ահա, թէ ի՛նչ օժանդակութիւն կ՛ակնկալեմ ձեզմէ», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Վըրճինիա Նահանգը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Քուէարկել «Պէյրութցիներու Ցանկ»-ին` Ապահովելու Համար Ճիշդ Ներկայացուցչութիւն

RelatedPosts

Ռուստամեան. «Իշխանութիւնը Խաղաղութիւն Կոչուած Հնարքը Կը Ցանկայ Իրականացնել Այս Ընտրութիւններուն»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուստամեան. «Իշխանութիւնը Խաղաղութիւն Կոչուած Հնարքը Կը Ցանկայ Իրականացնել Այս Ընտրութիւններուն»

January 22, 2026
Ֆիտանն Ու Պայրամովը Կրկին Քննարկած Են  Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Ընթացքը
Հայկական

Ֆիտանն Ու Պայրամովը Կրկին Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Ընթացքը

January 21, 2026
Լաւրով. «Հայաստանը Չի Կրնար Միաժամանակ  ԵԱՏՄ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Անդամ Ըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Հայաստանը Չի Կրնար Միաժամանակ ԵԱՏՄ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Անդամ Ըլլալ»

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.