
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ կը շարունակեն աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի հոլովոյթին:
«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ յառաջ երթալու լաւագոյն ուղին ԵԱՀԿ-ն է: Ինչպէս դուք գիտէք, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի մեր համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը, որ շրջան այցելած է Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի իր գործընկերներուն հետ, յստակօրէն նշած է, որ մենք կ՛ուզենք անյապաղ վերադառնալ բանակցութիւններուն լուծման: Եւ մենք կը շարունակենք հաստատակամօրէն հաւատարիմ մնալ ԵԱՀԿ-ի միջոցով կողմերուն հետ աշխատելուն` յանուն տեւական խաղաղութեան», ըսած է Քըրպի:


