Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Գովազդ Տեղադրած Է Հիթլերի Ծննդեան Օրը

April 22, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

wallStreetJournal_42116

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան հեղինակաւոր «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթի տպագիր տարբերակին մէջ ամբողջ էջի մը մէջ հակահայկական բովանդակութեամբ գովազդի տեղադրումը լուրջ դժգոհութիւն յառաջացուցած է:

Խնդիրին անդրադարձած են թէ՛ ամերիկեան լրատուամիջոցներ, թէ՛ ալ ընկերային ցանցի օգտատէրեր:

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգի Մոնթեպելլօ քաղաքի հայազգի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Արդեօք պատահականութի՞ւն է, որ ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը իր տպագիր տարբերակին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող գովազդ տեղադրած է ինքնին Հիթլերի ծննդեան օրը»:

Ընկերային ցանցի բազմաթիւ այլ օգտատէրեր գրած են. «Շատ ցաւալի է», «Անհաւատալի է, որ անոնք տակաւին կը փորձեն ժխտել», «Արդեօք «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը Ողջակիզումը ժխտող «սադրիչ» գովազդ պիտի տեղադրէ՞ր», «Դադրեցէ՛ք «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» գնել», «Երբեմն կեանքը վատագոյն շարժանկար կը թուի: Ասիկա պարզապէս անմարդկային է»:

Ամերիկեան հեղինակաւոր «Տը Հաֆինկթըն Փոսթ» օրաթերթը անդրադարձած է «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի մէջ հրապարակուած գովազդին շուրջ բարձրացած աղմուկին: Լրատուամիջոցը գրած է, որ գովազդի պատուիրատուն «Ֆեքթ Չեք Արմինիա» խումբն է, որուն գործունէութեան նպատակը «թրքական ազգային ինքնութեան ու մշակոյթի պահպանումն ու պաշտպանութիւնն է»: Խումբը կը ժխտէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան գործադրումը  եւ այս նիւթով նմանօրինակ գովազդ վերջերս տեղադրած էր փողոցի գովազդային վահանակներէն մէկուն վրայ: Հետագային այդ գովազդը վերցուած էր:

Գովազդի վերաբերեալ «Տը Հաֆինկթըն Փոսթ»-ի հարցումներուն «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-էն հետեւեալ պատասխանը տուած էին. «Մենք կ՛ընդունինք գովազդներու լայն շրջանակ` ներառեալ այնպիսիները, որոնք ունին սադրիչ տեսակէտներ»: Օրաթերթէն յայտնած էին, որ իրենց մօտ տեղ գտած գովազդի բովանդակութիւնը ամբողջութեամբ կը պատկանի գովազդատուներուն, եւ իրենք ատոր հետ որեւէ կապ չունին:

«Տը Հաֆինկթըն փոսթ» փորձած է հասկնալ նաեւ «Ֆեքթ Չեք Արմինիա»-ի տեսակէտը, սակայն վերջինիս ներկայացուցիչները մերժած են որեւէ մեկնաբանութիւն կատարել:

Նախորդը

Պահանջելով Հայոց Բռնախլուած Իրաւունքներու Հատուցումը. Լիբանանեան Ազգային Ուժերու Եւ Կուսակցութեանց Հանդիպումը Դատապարտեց Թուրք-Թուրանական-Սիոնական Զօրակցութիւնը Հաւատադրժողական Ահաբեկչութեան

Յաջորդը

Պան Քի Մունի Հայաստան, Վրաստան Եւ Ազրպէյճան Այցելութիւնը Յետաձգուեցաւ

RelatedPosts

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար  Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն»
Հայկական

Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն»

November 11, 2026
Լեպետեւ. «Հայաստան Չէ Ծանուցած ԱՊՀ-ի  Կազմակերպութենէն  Դուրս Գալու Ծրագիրներու Մասին»
Հայկական

Լեպետեւ. «Հայաստան Չէ Ծանուցած ԱՊՀ-ի Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու Ծրագիրներու Մասին»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.