Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլանտայի Խորհրդարանի Անդամները Մտահոգութիւն Յայտնած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Բախումներու Բռնկումին Առնչութեամբ

April 16, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dutch-Parliament_41516

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սրումին հարցը 13 ապրիլին քննարկուած է Հոլանտայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի եւ արտաքին գործոց նախարար Պերթ Քունտերսի միջեւ հանդիպումին ընթացքին: Հանդիպումը տեղի ունեցած է 18 ապրիլին Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի նախապատրաստութեան առիթով:

Տարբեր խմբակցութիւններու երեսփոխանները արտայայտած են իրենց մտահոգութիւնը, որ տագնապի լուծման համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի տարիներու բանակցութիւնները մնացած են առանց արդիւնքի: Անոնք նախարարէն խնդրեցին բացատրել` վերջին բռնութիւններու բռնկումին պատճառները, դրացի երկիրներու, յատկապէս Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դերը, ինչպէս նաեւ իրավիճակը նոր զինադուլի պայմաններուն մէջ:

Նշելով, որ այդ բռնութեան կիրարկումը հիմնականին մէջ կը վերագրուի Ազրպէյճանին, Ընկերվարական կուսակցութենէն երեսփոխան Հարի Վան Պոմել մատնանշեց, որ տակաւին գոյութիւն չունին անկախ հսկողութեան գործիքակազմեր 22 տարուան համաձայնեցուած զինադուլի դրութեան հսկելու համար: Անցեալ տարիներուն ատիկա չէ նպաստած տագնապի լուծման: Ապա երեսփոխանը նախարարին հարցուցած է, թէ արդեօք նախարարը տեղեա՞կ է, թէ ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերը ռմբակոծած են Ղարաբաղի բնակավայրերը` պատճառելով մարդկային զոհեր, ինչպէս կը նշէ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը:

Նախարարը խօսելով չափազանց մտահոգիչ զարգացումին մասին` չէ կրցած հաստատել վերջին լուրը, որովհետեւ տակաւին գոյութիւն չունին անկախ զինուորական վերահսկողութիւն կատարող մեքանիզմներ: Հետեւաբար կարելի չէ գնահատել բռնութիւններու վերսկսման պատճառը եւ զինադուլի դրութեան պահպանումը: ԵԱՀԿ-ի խումբը կը հետաքննէ այդ հարցերը: Անոր կարծիքով` առայժմ կարելի չէ ենթադրել, որ դրացի երկիրները որոշիչ դեր խաղցած են բռնութեան բռնկումի հարցին մէջ, հակառակ անոր որ Թուրքիան յստակօրէն արտայայտած է իր աջակցութիւնը Ազրպէյճանին, իսկ Ռուսիան թէեւ դրական դեր կը խաղայ երկու կողմերը հանգստացնելու ուղղութեամբ, սակայն յայտնի է, որ համակրանք ունի միւս կողմին նկատմամբ: Քունտերսի կարծիքով` հիմնախնդիրին լուծման երկարատեւ բացակայութիւնը մեծ վրդովումի պատճառ դարձած է:

Հակառակ անոր որ երեսփոխանները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը նկատեն իբրեւ առաջին պատասխանատու մարմինը կողմերուն հետ բանակցութիւններուն մէջ լուծումներ գտնելու համար, այդուհանդերձ այս հոլովոյթին մէջ որոշակի աջակցող դեր վերապահուած է Եւրոպական Միութեան: Հոլանտայի Եւրոպական միութեան նախագահութեան շրջանին Քունտերս պիտի նախագահէ Եւրոպական Միութեան նախարարներու խորհուրդի յառաջիկայ նիստին: Անոր ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ, ըստ խորհրդարանի յանձնարարականին, նախ եւ առաջ համաձայնութեան հասնիլ շփման գիծին վրայ անկողմնակալ զինուորական հսկողութիւններ կատարելու վերաբերեալ:

 

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. Խախտումները Կը Վերածուին Միջադէպերու, Զոհուած Է Զինուոր Մը

Յաջորդը

Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Վեհաժողով. Լիբանան Վերապահութիւն Յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Կազմակերպութեան Որոշումին Նկատմամբ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.