Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Օպամային Կոչ Ուղղած Է «Լեհիի Օրէնք»-ի Ծիրին Մէջ Պատժելու Ազրպէյճանը

April 13, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ANCA_41216

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին յորդորած է հետաքննել Ազրպէյճանի կողմէ «Լեհիի օրէնք»-ի խախտումները: Օրէնքը կ՛արգիլէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն զինուորական օգնութիւն տրամադրել զինուորական միաւորներուն այն երկրին, որ անպատժելի կերպով կը խախտէ մարդու իրաւունքները:

Նախագահ Օպամային եւ Քոնկրեսի անդամներուն ուղղուած նամակին մէջ յանձնախումբը կ՛ահազանգէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ գերարդիական զէնքերու օգտագործման պատճառով կացութեան լարման, մահուան դէպքերու աճի, միջազգայնօրէն ճանչցուած մարդու իրաւունքներու խախտումներու առնչութեամբ:

Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ քոնկրեսականներուն կոչ ուղղած է անմիջապէս դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու զինուորական աջակցութիւնը Ազրպէյճանին, հետաքննելու ազրպէյճանական կողմի խախտումները, օրէնսդրօրէն արգիլելու որեւէ տեսակի զինուորական աջակցութիւն Պաքուին եւ ձեռնարկելու արդիւնաւէտ միջոցներու` Ազրպէյճանի անվտանգութեան ուժերու պատասխանատու անձեր արդարադատութեան առջեւ կանգնեցնելու նպատակով:

Նամակին մէջ Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներէն խնդրած է յիշել, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը տակաւին արդարութիւն չէ հաստատած Ռամիլ Սաֆարովի հարցին մէջ, որ 2004-ին կացնահարելով սպաննած էր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, մարդասպան Սաֆարովը պատժելու փոխարէն, զինք Հունգարիայէն տեղափոխեց Ազրպէյճան եւ ներում շնորհեց, պարգեւատրեց եւ բարձրացուց անոր զինուորական կոչումը:

Նամակին մէջ Հայ դատի յանձնախումբը յիշեցուցած է, որ Ալիեւի ղեկավարած երկրին զինեալ ուժերը 1-5 ապրիլին սարսափելի գործողութիւններու դիմած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորականներու եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ` ներառեալ Թալիշ գիւղի տարեց բնակիչներու դէմ կատարուած վայրագութիւններն ու երեք հայ զինուորներու գլխատումը:

«Լեհիի օրէնք»-ը առաջին անգամ ներկայացուած է 1997-ին: Օրէնքը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն կ՛արգիլէ զինուորական օգնութիւն տրամադրել զինուորական միաւորումներուն այն երկրին, որ անպատժելի կերպով կը խախտէ մարդու իրաւունքները: Հաւատարիմ մնալով ամերիկեան արժէքներուն` օրէնքը կ՛օգնէ երաշխաւորելու, որ Միացեալ Նահանգներու հարկային գումարները չեն օգտագործուիր այն զօրամիաւորումներուն, արտաքին զինեալ զօրամիաւորումներուն, անհատներուն կամ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ, որոնք կը խախտեն մարդու իրաւունքներն ու պատերազմական յանցագործութիւններ կը կատարեն:

 

 

Նախորդը

եւրոպական խորհրդարանը սկսաւ քննարկել լեռնային ղարաբաղի կացութիւնը

Յաջորդը

«Ռուսիան Ե՛ւ Երեւանին, Ե՛ւ Պաքուին Զէնք Կը Ծախէ` Պահպանելով Շահերու Հաւասարակշռութիւնը» Կ՛ըսէ Ռոկոզին

RelatedPosts

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի  Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Ներկայացուցիչներուն Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

January 16, 2026
Ֆիտան Պայրամովի Հետ Շուրջ 2 Ժամ Քննարկած Է  Միրզոյեանի Եւ Ռուպիոյի Ստորագրած Թրիփփ  Շրջանակային Փաստաթուղթը
Հայկական

Ֆիտան Պայրամովի Հետ Շուրջ 2 Ժամ Քննարկած Է Միրզոյեանի Եւ Ռուպիոյի Ստորագրած Թրիփփ Շրջանակային Փաստաթուղթը

January 16, 2026
Հաճիզատէ. «Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած  Համաձայնագիրը Կարեւոր Քայլ Է»
Հայկական

Հաճիզատէ. «Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած Համաձայնագիրը Կարեւոր Քայլ Է»

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.