Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Տօնոյեանը Կարմիր Խաչի Հայաստանի Պատասխանատուին Ներկայացուցած Է Ազրպէյճանի Ոճիրներուն Համար Զայն Պատժելու Հիմքերը

April 12, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

donoyan_41116

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանը 11 ապրիլին ընդունած է Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչ միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութեան ղեկավար Քարոլին Տույեզը: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են 1-5 ապրիլին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ կատարուած նախայարձակ զինուորական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք զոհուածներու աճիւններու յայտնաբերման եւ անյայտ կորսուած անձերու ճակատագիրներու յստակեցման վերաբերող հարցեր:

Դաւիթ Տօնոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է ԿԽՄԿ-ի պատուիրակութեան ղեկավարին` իրենց եւ Մինսքի խմբակի ներկայացուցիչներուն միջնորդութեամբ կայացած զինուորներու մարմիններու փոխանակման աշխատանքներու իրականացման համար: Ան Քարոլին Տույեզին տեղեկացուցած է, որ ազրպէյճանական կողմէն յանձնուած զոհերուն բոլոր` 18 աճիւններն ալ ենթարկուած են դիակապղծութեան եւ անարգանքի, ինչ որ կը հանդիսանայ 1949-ի ժընեւեան բոլոր` չորս ուխտերու 3-րդ ընդհանուր յօդուածի (Common Article 3) առաջին կէտի երկրորդ պարբերութեան (a) ենթակէտի (…To this end, the following acts are and shall remain prohibited at any time and in any place whatsoever with respect to the above¬mentioned persons: (a) violence to life and person, in particular murder of all kinds, mutilation, cruel treatment and torture), 4-րդ ուխտի 130-րդ յօդուածի առաջինին պարբերութեան, ինչպէս նաեւ 1949-ի Լրացուցիչ երկրորդ արձանագրութեան 4-րդ յօդուածի երկրորդ մասով սահմանող դրոյթներու կոպտագոյն խախտում, ինչպէս նաեւ ծանր ոճիր` որեւէ իրաւական պետութեան քրէական օրէնսդրութեան համաձայն:

Դաւիթ Տօնոյեան նաեւ նշած է, որ հայկական կողմը հետամուտ պիտի ըլլայ, որ ազրպէյճանական բանակին կողմէ կատարուած ոճիրները ենթարկուին միջազգային հանրութեան եւ մասնագիտական կառոյցներու խստագոյն դատապարտման:

 

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Պետական Յանձնախումբ. «Ազրպէյճանի Յանձնած Բոլոր Դիակները Ենթարկուած Էին Խոշտանգման»

Յաջորդը

Վատիկանեան Պատմական Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.