
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնախումբը յայտարարած է, որ 9 ապրիլին ազրպէյճանական կողմէն հայկական կողմին յանձնուած զոհուածներուն բոլոր մարմինները ենթարկուած էին խոշտանգման ու անարգանքի:
Համաձայն նախօրօք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան` 10 ապրիլին Ղարաբաղի պետական յանձնախումբը` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին միջնորդութեամբ, Բաշ Քարվենդ բնակավայրի մօտակայքը կատարած էր զոհուածներու մարմիններու փոխանակում` ազրպէյճանական կողմին հետ: Ղարաբաղեան կողմին յանձնուած է 1-5 ապրիլի զինուորական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք սահմանագիծին վրայ զոհուած Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի 18 զինուորի մարմին:
«Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցներուն ներկայութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղուող պետական յանձնախումբին կողմէ արձանագրուած է, որ ազրպէյճանական կողմէն յանձնուած զոհուածներու բոլոր մարմինները ենթարկուած են խոշտանգման ու անարգանքի», նշուած է պետական յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:
Յանձնախումբը նաեւ շեշտած է. «Այս արարքը, հանդիսանալով հակամարդկային աղաղակող դրսեւորում, կը հակասէ պատերազմի օրէնքներուն եւ սովորոյթներուն եւ կոպտօրէն կ՛ոտնահարէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, մասնաւորապէս, 1949-ին գործող բանակներու մէջ վիրաւորներու եւ հիւանդներու վիճակի բարելաւման մասին Ժընեւեան առաջին համաձայնագիրին, 1949-ին Ռազմագերիներու հետ վարուելակերպի մասին Ժընեւեան 3-րդ համաձայնագիրին եւ 1977-ի Միջազգային զինուած բախումներու զոհերու պաշտպանութեան մասին 12 օգոստոս 1949-ի Ժընեւի համաձայնագիրին առաջին արձանագրութեան պահանջները»:
Հաստատուած է, որ ղարաբաղեան կողմը հետամուտ պիտի ըլլայ, որ ազրպէյճանական կողմին նման պահուածք ենթարկուի միջազգային հանրութեան եւ մասնագիտական կառոյցներու խստագոյն դատապարտման, իսկ մեղաւորները ստանձնեն պատասխանատուութիւնը եւ կրեն պատիժը:


