Շաբաթ օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին լրագրող մը համանախագահներուն հարցուց. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը այժմ առաջարկներու ի՞նչ թղթածրար կը քննարկէ` նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ըսած էր, թէ նոր առաջարկներ կան». ան ուզած է գիտնալ, թէ ի՞նչ նոր առաջարկներու մասին է խօսքը:
Հարցումին պատասխանեց ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովը. «Ասիկա միակ անգամը չէ, որ Լաւրով ըսած է, որ որեւէ նոր փաստաթուղթ, այսպէս կոչուած «Լաւրովեան փաստաթուղթ» գոյութիւն չունի: Գոյութիւն ունին համանախագահներուն առաջարկները, որոնք այս կամ այն ձեւաչափով քննարկուած են վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին: Գոյութիւն ունի քանի մը տարբերակ, սակայն ատոնք հիմնուած են տագնապի լուծման երեք սկզբունքներու եւ վեց տարրերու վրայ, որոնց մասին ոչ մէկ անգամ յայտարարած են համանախագահող երկիրներու նախագահները: Յիշեցնեմ, որ սկզբունքները հետեւեալներն են` ինքնորոշման իրաւունք, ուժի կիրարկումի բացառում, տարածքային ամբողջականութիւն, իսկ վեց հիմնական տարրերէն կարեւորագոյնը երկուք են` տարածքներու վերադարձ եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի կարգաւորման հարց: Ասոնք ամբողջական եւ լիարժէք են, մէկը միւսէն ստորադաս չէ: Ճիշդ ասոր կը վերաբերի, այսպէս կոչուած «Լաւրովի փաստաթուղթը»: Բացի այս երկու սկզբունքներէն, բացի այս երկու տարրերէն կայ նաեւ տեղահանուածներու վերադարձի հարց, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքի լայնութեան ու կարգավիճակի հարց, ուր բնականաբար, պէտք է ըլլայ խաղաղապահ գործունէութիւն: Նախատեսուած է, որ խաղաղապահներու տեղակայում ըլլայ լուծման եզրափակիչ փուլին, երբ խաղաղ կարգաւորման մասին համաձայնագիր պիտի ստորագրուի», ըսաւ Փոփով:
Փոփով նաեւ ըսաւ, որ Մինսքի խմբակի համանախագահներու լիազօրութեան մէջ ներառուած չէ հետաքննել, թէ ո՛վ կրակոցը սկսած է, ո՛վ է պատասխանատուն: Ան նշեց, որ խմբակը լիազօրութիւն ստացած է երկու պետութիւններու ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հետ հանդիպումներու եւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու համար:
«Մեր հիմնական խնդիրը եղած է այն, որ օգնենք կողմերուն` կայունացնելու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ նախաձեռնենք միջոցներու, որպէսզի ռազմական գործողութիւնները չկրկնուին: Մեր հանդիպումներու եզրակացութիւնն այն է, որ կողմերը, ամէն պարագայի իրենք այդպէս ցոյց կու տան, պատրաստակամ են հետեւելու Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած զինադուլի համաձայնութեան:
«Թէ ի՞նչ պէտք է ընել, որ խաղաղութիւն ապահովուի, առաջին հերթին կողմերը բանակցութիւններու սեղան բերելն է: Կայ հասկացողութիւն, որ պէտք է նաեւ գոյանայ քաղաքական լուծում, որ կողմերը վստահութիւն ձեռք բերեն իրարու նկատմամբ: Մօտաւորապէս մէկ շաբաթ ետք մենք դարձեալ պիտի հանդիպինք ու պիտի քննարկենք այս հարցերը», նշեց Փոփով:
Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք` պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ չէ՞ք կարծեր, որ քաղաքացիները եւ զինուորականները սպաննելու, մինչեւ իսկ` անոնց ականջները կտրելու դէպքերը կը յիշեցնեն ՏԱՀԵՇ-ի ոճը, որուն մասին խօսած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, Ուորլիք միայն անդրադարձաւ մարդու իրաւունքներու խախտման բաժինին:
«Մենք խիստ մտահոգ ենք մարդու իրաւունքներու բոլոր խախտումներուն վերաբերող հաղորդումներով: Մենք տեսած ենք լուսանկարները, ունինք տուեալներ, այս գծով, հանդիպում ունեցած ենք Միջազգային կարմիր խաչին հետ, պնդած ենք անոնց, որ ճշգրտօրէն դիտարկեն, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է, մենք այս հարցը արծարծած ենք մայրաքաղաքներուն մէջ… Մենք խիստ մտահոգ ու անհանգիստ ենք մարդու իրաւունքներու որեւէ ոտնահարմամբ», ըսաւ ամերիկացի համանախագահը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ չէ՞ք կարծեր, թէ առանց Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններուն մասնակցութեան հարցը չի կարգաւորուիր` Փոփով ըսաւ. «Ասիկա միակ անգամը չէ, որ կ՛ըսենք, թէ որոշ փուլի Ղարաբաղը պէտք է վերադառնայ բանակցային սեղան: Մենք կը մեկնինք անկէ, որ զինադուլ կնքելու փաստաթուղթի մշակման շրջանակային փուլին կրնար ըլլալ յենակէտ»:
Կը քննարկուի՞ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի սթաթիւս քոյի փոփոխութեան հարց հարցումին ռուս համանախագահը պատասխանեց. «Այս հարցը տուեալ փուլին բանակցութիւններու թեմա է»:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Փիեռ Անտրիօ իր կարգին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մինսքի խմբակը ճշդա՞ծ է, թէ ով է աննախադէպ մագլցումին պատասխանատուն, նշեց, թէ իրենք չունին լիազօրութիւն բացայայտելու` ո՛վ սկսած է, ով չէ սկսած:
«Մեզի համար կարեւորը այն է, որ զինադուլը, որ ձեռք բերուած է Մոսկուայի մէջ, շարունակուի որքան կարելի է երկար, ու սկսին քաղաքական բանակցութիւնները: Մեր աշխատանքին շարունակութիւնը հետաքննութեան մեքանիզմի տեղադրումն է, որու մասին մենք տարիներէ կը խօսենք», նշեց Փիեռ Անտրիօ:
Ամերիկացի համանախագահ Ուորլիք` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչու Թուրքիան որ ԵԱՀԿ-ի անդամ է, չեն հեռացներ կառոյցէն` ազրպէյճանական կողմին զօրակցելու, օժանդակելու համար, բան մը, որուն մասին կը վկայեն վերջին օրերուն Անգարայի կատարած յայտարարութիւնները, յայտնեց. «Եթէ կը յիշէք, քանի մը օր առաջ, երբ մենք Վիեննա էինք, առաջին անգամ որդեգրուեցաւ շատ խիստ յայտարարութիւն` կոչ ուղղելով կողմերուն զսպուածութեան` զինադուլի պահպանման, բանակցային հոլովոյթի ձեռնարկման, համակողմանի կարգաւորման, եւ Թուրքիան իր աջակցութիւնը յայտնեց համանախագահներուն: Եկէք յստակ ըլլանք: Թուրքիան միացաւ այս յայտարարութեան, իր ստորագրութիւնը դրաւ յայտարարութեան տակ: Մենք պատրաստ ենք աշխատիլ Մինսքի խմբակի բոլոր երկիրներուն, ներառեալ Թուրքիոյ հետ»:
Ան ընդգծեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահներու կազմի փոփոխութեան հարցը օրակարգի վրայ չէ: