
«Ամբողջ աշխարհն ու համայն մարդկութիւնը կը դատապարտեն Ազրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւնը», շեշտեց Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Գիւմրիի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ նահատակ երեք հերոսներու հոգեհանգստեան արարողութեան առիթով լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով: «Ճիշդ է, այս առաջին ոտնձգութիւնը չէ, բայց 1994 թուականէն ետք առաջինն է իր զանգուածային տարողութեամբ», շարունակեց Աբրահամեան եւ աւելցուց. «Ցաւ ի սիրտ ունինք կորուստներ, նահատակներ, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին մեր երկրորդ հայկական հանրապետութեան սահմանները պաշտպանելու համար»:
«Մենք կը խոնարհինք եւ մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք մեր զինուորներու, մեր հերոսներու հարազատներուն», ընդգծեց Հայաստանի վարչապետը` համոզում յայտնելով, որ պէտք է ըլլանք մեր զինուորին կողքին, միաժամանակ մեր հպարտութիւնը արտայայտելով, որ ունինք այդպիսի հերոս զինուորներ, սպաներ, մարտունակ բանակ, որ կրցաւ դիմադրել այդ մեծ յարձակման: «Ես կը կարծեմ, որ մենք համապատասխան հարուած տուած ենք թշնամիին», դիտել տուաւ Աբրահամեան եւ աւելցուց. «Մենք կ՛ուզենք խաղաղութիւն հաստատել, բայց եթէ կրկնուին նման յարձակողական գործողութիւններ, մենք պարտաւոր ենք ուղղակի պաշտպանել մեր սահմաններն ու մեր ժողովուրդը»:
Միւս կողմէ, վարչապետ Աբրահամեան կրկին քննադատեց Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքը: «Հայաստան` իբրեւ ռազմավարական գործընկեր, յորդորած է եւ կը յորդորէ, որ Ռուսիա զէնք չվաճառէ ազրպէյճանցիներուն, որոնք այդ զէնքերը կ՛օգտագործեն խաղաղ բնակիչներու դէմ», շեշտեց ան: Վարչապետը նաեւ համոզում յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ, իշխանութիւնները ամէն ճիգ կը թափեն` զոհուած զինուորներու հարազատներուն օգնելու համար:
Անդրադառնալով պետութեան կողմէ բանակին տրամադրուող միջոցներուն` վարչապետը ըսաւ. «Պետական միջոցները պիտի աւելցնենք, որքան որ անհրաժեշտ է»:


