Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծայրայեղականութեան Դէմ Պայքարի Համաժողովին. Հայաստանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարար Աշոտ Յովակիմեան Անդրադարձած Է Թալիշի Դէպքերուն

April 11, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Աշոտ Յովակիմեան ուրբաթ, 8 ապրիլին Ժընեւի մէջ մասնակցած է ՄԱԿ-ի եւ Զուիցերիոյ կազմակերպած Բռնի ծայրայեղականութեան դէմ պայքարին նուիրուած համաժողովին: Համաժողովին նախագահած են ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրքհալթերը: Քանի մը տասնեակ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ փոխնախարարներու, ինչպէս նաեւ առնչակից միջազգային կառոյցներու համապատասխան պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ գումարուած այս ժողովին Յովակիմեան նշած է, որ նախքան ահաբեկչութեան եւ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու յանգեցնող բռնի ծայրայեղականութեան անդրադառնալը, անհրաժեշտ է հասկնալ այդ երեւոյթին էութիւնը: Անհրաժեշտ է նաեւ համախմբել միջազգային հանրութիւնը` ընդհանուր ռազմավարութիւն մշակելու նպատակով:

Նշուած է, որ թէեւ պէտք է խուսափիլ բռնի ծայրայեղականութիւնը եւ ահաբեկչութիւնը որեւէ կրօնի կամ ազգային խումբի նմանցնելէն, այսուհանդերձ նոյնքան ակնյայտ է, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ իրականացուող ցեղասպանական ոճրագործութիւններու հիմնական թիրախը կրօնական կամ ազգային համայնքներն են:

Ըստ Յովակիմեանի, որեւէ պետութեան կողմէ ահաբեկչական նշեալ խմբաւորումներուն տրամադրուող աջակցութիւն պէտք է նկատուի իբրեւ մեղսակցութիւն: Իբրեւ հակազդեցութիւն, մարդկային իրաւունքներու առումով, առանցքային նշանակութիւն ունի զոհերու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Այս առումով պէտք է առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել ատելութեան հողի վրայ յանցանքներու կանխարգիլման, քանի այդ վերջինները անմիջական կապ կը ստեղծեն բռնի ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան միջեւ` յանգելով ցեղասպանութեան:

Աշոտ Յովակիմեան ընդգծած է, որ չլուծուած տագնապները կրնան պարարտ հող ստեղծել բռնի ծայրայեղականութեան համար, յատկապէս` երբ պետական իշխանութիւնները կ՛օգտագործեն տագնապները մարդկային իրաւունքները սահմանափակելու եւ հակամարտ կողմերու միջեւ  թշնամութիւն քարոզելու համար: Այս կապը, սակայն, միայն մէկ ուղղութեամբ չէ որ կը գործէ, քանզի բռնի ծայրայեղականութիւնը իր կարգին կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ տագնապներու լուծման ճիգերուն վրայ:

Իր ելոյթին մէջ Յովակիմեան նաեւ անդրադարձած է Ազրպէյճանի կողմէ յաճախակիօրէն կիրարկուող բռնի ծայրայեղականութեան դրսեւորումներուն, որոնց ցայտուն օրինակն էր մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելն ու հերոսացումը: Իսկ ապրիլի սկզբնաւորութեան Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած զինուորական գործողութիւններուն գծով Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը առանձնայատուկ կերպով շեշտած է Թալիշ գիւղին դէմ  ՏԱՀԵՇ-ի ոճով խաղաղ բնակիչներուն նկատմամբ կիրարկուած բարբարոսութիւններու միջազգային դատապարտումը` իբրեւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման աղաղակող դէպքեր:

 

 

Նախորդը

Աղաբեկեան. «Արցախը Անցած Է Իր Առօրեայ Կեանքին»

Յաջորդը

Սահմանային Կացութիւնը Աւելի Հանդարտ Է

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.