Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մետվետեւ. «Ոչ Մէկ Պարագայի Կարելի Է Արտօնել Տագնապի Սրումը, Պաքուն Եւ Երեւանը Պէտք Է Նստին Բանակցութիւններու Սեղան»

Ապրիլ 11, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Medvedev1_41016

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ ռուսական պատկերասփիւռի «Շաբաթ օրուան լուրեր» յայտագիրին ընթացքին հարցազրոյցի մը մէջ յայտարարած է, որ Ռուսիան սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը` հրապարակելով իր տեսակէտը. նստիլ բանակցային սեղանի շուրջ եւ դադրեցնել կրակոցը` ո՛վ որ ալ եղած ըլլայ հրահրողը:

«Կը հասկնաք, այն բանէն ետք, ինչ որ տեղի ունեցաւ, ինծի կը թուի, որ Ռուսիոյ դաշնակցութիւնը` իբրեւ պետութիւն, ազդեցիկ պետութիւն, որ գործընկերային եւ դաշնակցային յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի հետ, պէտք է ընէ կարելին, որպէսզի այդ տագնապը չձգձգուի ու չմտնէ մնայուն փուլ: Այդ պատճառով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնած է թէ՛ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, թէ՛ Հայաստանի նախագահ Սարգսեանին` ներկայացնելով մեր դիրքորոշումը», ըսած է ան:

Մետվետեւի խօսքով` Ռուսիոյ դիրքորոշումը հետեւեալն է. «Ոչ մէկ պարագայի կարելի է արտօնել տագնապի սրումը, ի՛նչ ալ պատահի, ո՛վ որ ալ սկսի. այժմ կարեւորը հանդարտիլն ու կրակոցը դադրեցնելը, զինադուլ յայտարարելն ու բանակցային սեղանի շուրջ նստիլն է»:

Ռուսիոյ վարչապետը նշած է, որ հեռաձայնային զրոյցներուն այլ հաղորդակցութիւններ հետեւած են. Մոսկուա եկած են սպայակոյտերու պետերը` զինադուլի յատուկ զինուորական երեւոյթները քննարկելու, նաեւ` դիւանագիտական հանդիպումներ եղած են:

«Որովհետեւ ես յատուկ այցելութիւն պէտք է կատարէի Հայաստան, նպատակայարմար էր, որ ես այցելէի թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ազրպէյճան ու երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ տեղւոյն վրայ քննարկէի այն կացութիւնը, որ ստեղծուած է», աւելցուցած է Մետվետեւ:

Ռուսիոյ վարչապետը հարցազրոյցին ընթացքին նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ դիրքորոշումին ու վերջինս մեղադրած է կրակին վրայ իւղ թափելու համար:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեան, թէ Ռուսիան տագնապի կողմ է, Մետվետեւ ըսած է. «Փոխանակ հանդարտելու կոչ ուղղելու, գնահատականներ կու տան: Ի՞նչ բանի համար: Կրակի վրայ ի՞ւղ թափելու: Ատիկա չի կրնար չմտահոգել»:

Մետվետեւ դարձեալ յայտարարած է, թէ իրենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ «դարաւոր յարաբերութիւններ ունին»:

«Մենք պատմական կապերով կապուած ենք, ունինք որոշակի ժամանակաշրջանի մէջ ընդհանուր պետութեան պատմութիւն: Մենք գործընկերային յարաբերութիւններ ունինք, կողք-կողքի կ՛ապրինք: Հայաստանէն ու Ազրպէյճանէն մեծ թիւով մարդիկ կ՛աշխատին Ռուսիոյ մէջ», ըսած է ան` մեկնաբանելով այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը ինքնին Ռուսիոյ դիմած են տագնապին սրման հարցով:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիան պիտի շարունակէ՞ զէնք տրամադրել թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ազրպէյճանին, Մետվետեւ ըսած է. «Ռուսիան գործընկեր երկիր է այդ երկու պետութիւններուն համար»:

Այն նշումին, թէ Ռուսիա Հայաստանի հետ նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ծիրին մէջ դաշնակից է, Մետվետեւ պատասխանած է. «Հայաստանի հետ մենք նաեւ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ դաշնակիցներ ենք: Սակայն մեր մօտ բոլոր պարագաներուն յարաբերութիւնները միջպետական են: Անոնք հիմնուած են համաձայնագիրներու, ներառեալ ռազմաճարտարագիտական ոլորտին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրներու վրայ: Պահ մը պատկերացուցէք, որ Ռուսիան  հրա

 

ժարի այդ դերակատարութենէն: Մենք լաւ կը հասկնանք, որ այդ տեղը դատարկ պիտի չմնայ: Զէնք պիտի գնեն այլ երկիրներէ: Ատկէ մահերու թիւը պիտի կրճատուի, սակայն ատիկա կրնայ խախտել հաւասարակշռութիւնը, որ այժմ կայ: Մենք կը հասկնանք, թէ ինչպիսի՛ն են մեր գործընկերներուն պահանջները: Այդ պատճառով ես վստահ չեմ, որ երբ այդ շուկան գան այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ, իրավիճակը պիտի մեղմանայ: Ես կը կարծեմ, որ իրավիճակը աւելի ծանր պիտի դառնայ»:

Ռուսիոյ վարչապետին խօսքով` զէնք ձեռք կը բերուի ոչ միայն օգտագործուելու, այլ նաեւ զսպիչ գործօն դառնալու համար: «Այդ պահը պէտք է գնահատեն տագնապին բոլոր կողմերը», ըսած է ան:

Ան նախապէս յայտարարած էր, որ Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատումը պիտի ապահովէ ամբողջ շրջանի զարգացումը:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանական Յարձակումէն Մէկ Օր Առաջ Իսրայէլ Պաքուն Զինած Է Գերարդիական Հրթիռներով

Յաջորդը

Աղաբեկեան. «Արցախը Անցած Է Իր Առօրեայ Կեանքին»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Եկեղեցւոյ Դէմ Արշաւը Ծրագրուած Պայքար Է Մեր Ազգային Ինքնութեան Դէմ»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Եկեղեցւոյ Դէմ Արշաւը Ծրագրուած Պայքար Է Մեր Ազգային Ինքնութեան Դէմ»

Նոյեմբեր 10, 2025
Էրտողան. «Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի, Հայաստանի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի  Ընդլայնումը Դրական Ազդեցութիւն  Պիտի Ունենայ Շրջանային Առեւտուրին Վրայ»
Հայկական

Էրտողան. «Կը Գնահատենք Ալիեւի Անկեղծ Ջանքերը Եւ Կ՛ողջունենք Փաշինեանի Խիզախ Քայլերը

Նոյեմբեր 10, 2025
Հայաստանի Նախաձեռնութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Որդեգրած Է Փոքր Կղզի Զարգացող Պետութիւններու Միջազգային Օր Հռչակելու Մասին Բանաձեւը
Հայկական

Հայաստանի Նախաձեռնութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Որդեգրած Է Փոքր Կղզի Զարգացող Պետութիւններու Միջազգային Օր Հռչակելու Մասին Բանաձեւը

Նոյեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?