
Քրեմլինի պաշտօնական կայքին հաղորդումով, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին նախագահները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Փութին նաեւ «ներկայացուցած է Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները»:


