Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Երեւանի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի «Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ կոմիտէն գործօն աջակցութիւն կը տրամադրէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն` անյայտ կորսուածներուն ճակատագիրները ճշդելու առումով:
«Կը գտնուինք կողմերուն հետ աշխատանքի ու երկխօսութեան ընթացքին մէջ: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն` իր առաքելութեան շրջագիծին մէջ, իրավիճակի սրումին առնչութեամբ կը քննարկէ բոլոր մարդասիրական հարցերը: Կապի մէջ ենք բոլոր կողմերուն հետ` զոհուած զինուորներու մարմիններու որոնումին եւ փոխանցումին առումով: Տուժած ընտանիքներու կարիքները եւս մեր ուշադրութեան ծիրին մէջ են», ըսած է Ամատունի: