Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւի Մոլորանքը Եւ Էրտողանի Սադրանքը (Ղարաբաղի Պատերազմական Գործողութիւններու Հետքով)

Ապրիլ 8, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

mihran_40816

Ժամանակէ մը ի վեր Ազրպէյճան ցոյց կու տար արդէն իր ջիղերը չկարենալ զսպելու նշաններ եւ այդ պատճառով ալ ինկած էր սահմանագիծը լարուած պահելու արկածախնդրութեան մէջ: Ալիեւի ջղաձգութիւնը գագաթնակէտի հասաւ, երբ Եւրոպայի խորհուրդին խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ի վնաս Ղարաբաղին քուէարկութեան դրուած բանաձեւը տապալեցաւ,  յուսացածին հակառակ արդիւնքը ունեցաւ, եւ անկէ ետք ան իր արտաքին գործոց նախարարին բերնով, ի լուր աշխարհին, ամբաստանեց  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը  չէզոքութեամբ չգործողի, միջազգային ատեաններու մօտ «կողմնակցական» միջամտութիւններ կատարողի յանցանքով եւ,  ԵԽ խորհրդարանական վեհաժողովի քուէարկութեան արդիւնքը վերագրելով անոր միջամտութեան, յայտարարեց, որ ինք իր վստահութիւնը կը վերցնէ համանախագահութեան վրայէն:  Ասիկա կը նշանակէր` մերժել բանակցութիւնները եւ յարիլ պատերազմական լուծման ընտրանքին:

Ազրպէյճանի այս ձախաւեր ընտրանքը սքանչելի առիթ կը դառնար Էրտողանի համար, որ իր հաշիւներուն ծառայեցնէ մոլորած Ալիեւի ջղագարութիւնը, զայն մղէ  պատերազմի արկածախնդրական գործողութիւններու` տարածաշրջանի մը մէջ եւ այնպիսի պահու, երբ շրջանային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններն ու կացութիւնը կը պահանջէին հակառակը. շրջահայեացութիւն, զսպուածութիւն, պաղարիւնութիւն:

Էրտողանն ալ նոյնպէս կը գտնուի ջղային վիճակի մէջ: Ժամանակաւոր յաջողութիւններէ տարուած` իր սեփական անձին ու Թուրքիոյ համար հնարաւորութիւններէ շատ աւելի վեր  փառասիրութիւններու հետամուտ ըլլալով` համարձակեցաւ չափուիլ նոյնիսկ Ռուսիոյ հետ եւ ինքզինք մատնեց անել կացութեան, լքուեցաւ նաեւ իր սխալները «չտեսնող» հովանաւորէն` Ամերիկայի մեծ դաշնակիցէն: Քաղաքական մեկուսացումի հաւանականութիւնը վտանգ կը ստեղծէր, որ քրտական պայքարը անհամեմատ թափ առնէ, անոր զօրակցողներուն թիւը աւելցնելով` թուրք ազգին մղձաւանջը սաստկացնէ, ինչպէս նաեւ հին ու Էրտողանով աշխուժացուած փանթուրքիզմի թեւածումները սահմանափակէ:

Աւելի կանուխ, Տաւութօղլուի «զերօ խնդիր» քաղաքական տոքթրինը կը կարծուէր, որ կը վերաբերի յարգանքի վրայ հիմնուած ու փոխադարձ հասկացողութեան յարաբերութիւններով դրացիներուն հետ գոյութիւն ունեցող հարցերը հարթելու բարի տրամադրութեան: Հետագայ գործողութիւնները շուտով եւ անգամ մը եւս ցոյց տուին սակայն, որ Թուրքիոյ համար «զերօ խնդիր» կը նշանակէ` նենգութեամբ ու սադրանքներով կամ զինու զօրութեամբ դրացիներուն հետ գոյութիւն ունեցող առկախ բոլոր հարցերը  ի նպաստ իրեն արմատապէս հարթելու-լուծելու նպատակ: Միջազգային հանրութիւնը եւ դրացի երկիրները խաբուելէ ետք հասկցան, ուշ հասկցան, բայց ի վերջոյ հասկցան «զերօ խնդիր»-ին էութիւնը:

«Զերօ խնդիր»-ն ալ  ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` արտայայտութեան տարբերակ մը հի՜ն, Օսմանի օրերէն աւանդաբար շարունակուող  Թուրքիոյ  քաղաքական վարքագիծին. խաբէութեամբ ու խարդաւանանքներով օգտուիլ թշնամիի թէ բարեկամի տկարութիւններէն, դաշնակից երկիրներու բարեացակամութենէն, անոնց միջեւ լուռ մրցակցութիւններէն, չխոստովանուած առկայ հակադրութիւններէն:

Թուրքիա այդ վարքագիծով միշտ ալ օգտուած է  անցեալին: Ատով կը յուսայ օգտուիլ նաեւ այսօր` իր անելէն ելքի ճամբայ մը գտնելու համար:

Կասկած չկայ, որ Թուրքիոյ դրդումով, անոր քաջալերանքին ու խոստացած նեցուկին ապաւինելովն է, որ մոլորանքի մատնուած Ալիեւ ձեռնարկեց պատերազմական գործողութիւններու: (Բարեկամի «տկարութենէն» օգտուելու հերթական դաւադրութիւն):

ՏԱՀԵՇ-ի ծայրայեղ իսլամականները օգտագործելով` Իրաքի եւ Սուրիոյ կապուած իր նպատակներուն, ինչպէս նաեւ անոնց միջոցով քրտական շարժումը ճզմելու իր փորձերուն մէջ ձախողելէ ետք, Էրտողան հիմա կը գործածէ Կովկասի վտանգաւոր խաղաթուղթը:

Հաւանաբար կը յուսայ ան, որ Ղարաբաղի ճակատը հրահրելով Կովկասը ապակայունացնելու իր սադրանքը` 1. ցոյց պիտի տայ շրջանին վրայ վերահսկելու, հոն խաղաղութիւնը պահելու  Ռուսիոյ անկարողութիւնը, 2. Արեւմուտքի իր դաշնակիցները քաղաքական երկընտրանքէն մէկին կամ միւսին հակելու պարտաւորութեան տակ պիտի դնէ եւ ինչ որ կարեւորն է, 3. պիտի նպաստէ իր ու Թուրքիոյ դերակատարութեան բարձրացումին` յաչս դաշնակիցներուն եւ Ռուսիոյ: Այս շրջագծին մէջ թերեւս կը յուսայ  թրքացեղ երկիրներու նեցուկն ալ ունենալ:

Բայց կ՛երեւի, թէ իր հաշուարկներուն մէջ նկատի չունի ան, որ ներկայ փուլին, յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը բոլոր պարագաներուն չէ, որ կը պահպանուի հակադրութիւններով, այլ կը պահուի նաեւ ու մանաւանդ փոխադարձ շահերու փոխըմբռնումով, երբեմն նաեւ հակադիր ուժերու` Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ  միջեւ իրարու փոխօգնութեամբ: Գաղտնի՞ք են ներկայ փուլին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու գործակցութիւնն ու իրարու միջեւ գոյացած  սկզբունքային համամտութիւնը` Սուրիոյ հրատապ խնդրի լուծման, քրտական ապագայ ինքնավարութեան վերաբերող  եւ ղարաբաղեան վէճը բանակցութիւններով հարթելու հարցերուն մէջ:

Էրտողան ինքզինքով յափշտակուած վտանգաւոր խաղացող մըն է: Իսկ Ալիեւ` մոլորած մը, որ կը հետեւի անոր` թերեւս յուսալով, որ պատերազմական գործողութիւնները հանրային կարծիքի մօտ արծարծ կը պահեն Ղարաբաղի հարցը, քաղաքացիներուն մոռցնել կու տան տնտեսական ու ընկերային դժուարութիւնները եւ կ՛արդարացնեն բռնապետի իր վարքը:

Սակայն յետոյ` ի՞նչ: Ղարաբաղը պիտի չպարտուի: Թուրքիոյ կշիռը պիտի չբարձրանայ: Ազրպէյճան դարձեալ պիտի գտնուի հոն, ուր որ էր: Իսկ Էրտողանէն եւ Ալիեւէն հաշիւ պահանջող պիտի ըլլա՞յ արդեօք հեղուած արիւնին ու աւերածութեան համար:

Մինչ այդ, սակայն, վտանգաւոր այս «խաղ»-ի հեղինակներուն վճռապէս եւ սրբազան միասնութեամբ յայտարարելու ատենն է, որ Հայաստանին համար Ղարաբաղի խնդիր չկայ, համահայկական կնիքով միանգամընդմիշտ լուծուած է արդէն անիկա:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յարգա՛նք Սահմանը Պահողներուն

Յաջորդը

Մէկ Բռունցք Ենք Արցախի Կողքին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?