Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

April 6, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

tzouytz-vienna-(1)_40516tzouytz-vienna-(2)_40516Մինչ Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդն ու Մինսքի խմբակը Արցախին նուիրուած յատուկ ժողով կը գումարէին, Վիեննայի մէջ ապրող բազմահարիւր հայորդիներ, ԵԱՀԿ-ի կեդրոնատեղիին դիմաց, իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի զօրակցութեան նուիրուած հաւաքին: Ցուցարարները, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները բարձր պահած, դատապարտեցին վերջին օրերուն Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումներն ու գործուած ոճրագործութիւնները, զօրակցութիւն յայտնեցին Արցախին ու հայոց բանակին, ինչպէս նաեւ իրենց ձայնը լսելի դարձուցին ԵԱՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ հաւաքուած միջազգային դիւանագէտներուն: Աւստրիոյ Հայ դատի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցը սկիզբ առաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ` յարգելու յիշատակը վերջին օրերուն Արցախի մէջ նահատակուած զինուորներուն ու զոհուած անմեղ քաղաքացիներուն: Բողոքի ցոյցը շարունակուեցաւ կոչերով, Ազրպէյճանը դատապարտող պաստառներ բարձրացնելով եւ հայրենասիրական երգերու կատարումով: Ցոյցին ընթացքին կարդացուեցաւ այս առիթով պատրաստուած ու Մինսքի խմբակին յանձնուելիք բողոքի նամակը` հայերէնով, անգլերէնով եւ գերմաներէնով: Նամակին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակէն յստակօրէն կը պահանջուէր Ազրպէյճանը միջազգային պատասխանատուութեան կանչել անոր կողմէ միջազգային օրէնքի ու միջազգային մարդասիրական օրէնքի բացայայտ խախտումներուն համար, վերջ տալ զինուորական գործողութիւններուն եւ բանակցութիւններու ճամբով արցախեան տագնապին արդար լուծումի հասնիլ: Ցոյցի աւարտին, Աւստրիոյ Հայ դատի գրասենեակէն անդամներ, Վիեննայի հոգեւոր հովիւին ընկերակցութեամբ, նշեալ նամակը փոխանցեցին Մինսքի խմբակի համանախագահ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմս Ուորլիքին եւ շեշտեցին անհրաժեշտութիւնը, որ Մինսքի խմբակը իր կարելին ընէ վերջին ժամերուն յայտարարուած զինադադարը պահպանելու եւ Ազրպէյճանը մղելու իր վարած յարձակողական քաղաքականութենէն հրաժարելու: Բողոքի ցոյցը վերջ գտաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով:

ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

5 ապրիլ 2016

 

Նախորդը

Լոնտոնի Մէջ Ազրպէյճանցիներուն Բողոցի Ցոյցը Տապալեցաւ

Յաջորդը

Սփիւռքի Նախարարութիւն. «Սփիւռքը Հայրենիքի Կողքին Է»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.