Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Կեցուածքներ

Ապրիլ 6, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

10399268_1023714361022480_4061302343813526502_n

Քրեմլին Անգամ Մը Եւս Իր Մտահոգութիւնը
Յայտնած Է Շփման Գիծին Վրայ
Իրավիճակի Առնչութեամբ

Peskov_40516

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղ-Ազրպէյճան հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ըսած է, որ Քրեմլին խիստ մտահոգուած է ստեղծուած իրավիճակով: Ըստ անոր, նոյն մտահոգութիւնը ունին նաեւ շրջանի միւս պետութիւնները:

«Այն մտահոգութիւնը, որուն մասին մենք բազմիցս յայտնած ենք, ցաւօք, տակաւին կը պահպանուի: Դէպքերու զարգացումները մտահոգուելու աւելի շատ առիթ կու տան: Այդ մտահոգութիւնը կը կիսեն նաեւ շրջանի բոլոր պետութիւնները: Ուստի, այժմ կը գործադրուին լուրջ ջանքեր», ըսած է Փեսքով:

Պայտըն Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող
Իրավիճակը Կարգաւորելու Հարցին Շուրջ
Խօսած Է Հայաստանի Եւ
Ազրպէյճանի Նախագահներուն Հետ

Biden_40516

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճոզեֆ Պայտըն «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրառում կատարելով յայտնած է, որ խօսած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը կարգաւորելու հարցին շուրջ:

«Նախագահներ Ալիեւին եւ Սարգսեանին ըսած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի համապարփակ կարգաւորումը կարեւոր է կայունութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման համար», գրած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին Առնչութեամբ
Լաւրով-Շթայնմայեր Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Steinmeier-Lavrov_40516

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ գերմանական կողմին նախաձեռնութեամբ` 4 ապրիլին տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:

Նախարարները լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ իրավիճակին լուրջ լարման առնչութեամբ, ինչ որ արդէն իսկ յանգեցուցած է բազմաթիւ մարդկային կեանքերու կորուստի, ներառեալ` քաղաքային անձերու մահուան:

Լաւրով եւ Շթայնմայեր միասնական դիրքորոշում յայտնած են առ այն, որ շրջանին մէջ տագնապը զինուորական լուծում չունի, եւ հանդէս եկած են կողմերու զսպուածութեան, ինչպէս նաեւ անյապաղ կրակոցի դադրեցման եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ բանակցային հոլովոյթի վերականգնման օգտին:

Դատապարտելով «Արտաքին Դերակատարներու»
Ճակատումը Հրահրելու Փորձերը`
Լաւրով Եւ Քերրի Կոչ Ուղղած Են` Դադրեցնելու
Լեռնային Ղարաբաղ-Ազրպէյճան Շփման Գիծի Վրայ
Ռազմական Գործողութիւնները

Lavrov-Kerry_40516

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Ճոն Քերրի երկուշաբթի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը:

Երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը կոչ ուղղած են անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները շրջանին մէջ:

«Արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարները լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապի սրման նկատմամբ` հաստատելով զինուորական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցնելու կոչը: Համաձայնութիւն գոյացած է աշխուժացնելու Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերը` աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման: Լաւրով եւ Քերրի դատապարտած են «արտաքին դերակատարներու» փորձերը` հրահրելու առճակատումը Ղարաբաղի մէջ», կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կատարուած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց
Նախարարութիւնը Ազգերու Ինքնորոշման
Իրաւունքը Կը Նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի
Տագնապի Լուծման Սկզբունքներէն Մէկը

Toner_40516

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Մարք Թոնըր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը յիշատակած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ծիրին մէջ` անտեսելով ազրպէյճանցի լրագրողներու քանի մը անգամ տարբեր ձեւակերպումներով կրկնուող եւ իրականութիւնը խեղաթիւրող հարցերը: Անոնց ի պատասխան Թոնըր յղում կատարած է Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի կէտերուն եւ նշած, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը պէտք է լուծուի ուժի կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յիշեցուցած է, որ կայուն զինադուլի վերականգնումէն ետք պէտք է անդրադառնալ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ընթացող հոլովոյթին, որ կրնայ տանիլ խաղաղ լուծման:

«Մենք կ՛աջակցինք Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ընթացող հոլովոյթին, որ կը գործէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, միջազգային իրաւունքի եւ Հելսինքիի եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքներուն, մասնաւորաբար ուժի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու ծիրին մէջ», նշած է Մարք Թոնըր: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն այս հարցին մէջ գործակցիլ համանախագահ միւս երկու երկիրներուն` Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ:

Ըստ Թոնըրի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` 4 ապրիլի հեռաձայնային հաղորդակցութեան քննարկման առաջին նիւթը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ բռնութեան դադրեցման ուղղուած ջանքերը: Անոնք կոչ ուղղած են Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին վերսկսելու բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ: «Մենք կը դատապարտենք տեղի ունեցող բռնութիւնները, կը ցաւինք մեծաթիւ զոհերուն, որոնց շարքին քաղաքային անձերուն համար: Կոչ կ՛ուղղենք երկու կողմերուն անյապաղ դադրեցնելու ուժի օգտագործումը եւ խուսափելու լարուածութեան աճէն», շեշտած է Թոնըր: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները պէտք է քաղաքական կամք ցուցաբերեն զինադուլի եւ ի վերջոյ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար: «Մենք` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, պիտի շարունակենք ջանքեր գործադրել երկու կողմերը բանակցային հոլովոյթին բերելու համար», ըսած է Թոնըր:

Քոնկրեսական Ղեկավարներ Կը Դատապարտեն
Ազրպէյճանական Յարձակումները

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն եւ Ռապըրթ Տոլտ, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Լրաքաղութեան յատուկ յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էտըմ Շիֆ եւ Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Պրետ Շըրմըն, Արցախի դիրքերուն վրայ ազրպէյճանական յարձակումներէն քանի մը օր ետք, Պաքուն դատապարտող յայտարարութիւններ կատարած են:

«Խստօրէն կը դատապարտեմ ազրպէյճանական բռնարարքները եւ ձայնս նախագահ Օպամային միացնելով` կոչ կ’ուղղեմ կացութիւնը հանդարտեցնելու: Նախագահ Ալիեւ կը շարունակէ ընդդիմանալ տագնապին բանակցային լուծում մը գտնելու միտող միջազգային ջանքերուն, իսկ ազրպէյճանական այս կեցուածքը անընդունելի է: Կոչ կ՛ուղղեմ Օպամայի վարչակարգին եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակին, որ պատասխանատուութեան կանչեն Ազրպէյճանը», յայտարարած է Փալոն:

«Անգամ մը եւս կը տեսնենք, թէ Ազրպէյճան մէկ կողմէ բան մը կ՛ըսէ, իսկ միւս կողմէ` ըսածին հակառակը կ՛ընէ: Կը յուսամ, որ Օպամայի կառավարութիւնը վերջ կու տայ կողմերը հաւասարապէս պատասխանատու նկատելու քաղաքականութեան, որ իրականութեան չի համապատասխաներ: Ազրպէյճանը իր արարքներուն պատասխանատու նկատելով է միայն, որ կարելի պիտի ըլլայ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնել», ըսած է Տոլտ:

Իր կարգին, Շիֆ յայտարարած է, թէ «խորապէս մտահոգ է» ազրպէյճանական բռնարարքներով եւ դատապարտած է զանոնք` միաժամանակ շեշտելով, որ շաբաթավերջի իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, թէ ամերիկեան կառավարութեան մօտեցումը արդիւնք չի տար, մանաւանդ որ յարձակումները սկսան Ալիեւի եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ հանդիպումէն քանի մը օր ետք միայն:

Շըրմըն, իր կարգին, «խորապէս յուսախաբեցնող» որակեց ազրպէյճանական յարձակումները` դարձեա՛լ կոչ ուղղելով Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, որ կասեցնեն Ազրպէյճանի տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները:

Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս եւ նոյն յանձնախումբի անդամ Պրետ Շըրմըն անցեալ ամիս նամակով մը կոչ ուղղած էին նախագահ Օպամային, որ Ալիեւի հետ իր հանդիպումին ընթացքին պահանջէ, որ Պաքուն վերջ դնէ Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատել միտող Ռոյսի եւ քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլի առաջարկներու գործադրութեան խոչընդոտման:

Այդ առաջարկներն են`

– Արձակազէններու եւ ծանր զէնքերու հեռացումը շփման գիծէն.

– ԵԱՀԿ-ի հսկողութեան տակ գտնուող եւ յարձակումներու պատասխանատուն բացայայտելու նպաստող սարքերու տեղադրում.

– ԵԱՀԿ-ի յաւելեալ դէտերու հաստատում սահմանին վրայ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականներուն այս յայտարարութիւնները:

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ընդգծեն Մինսքի Խմբակին
Ներքեւ Բանակցութիւններու
Սեղան Վերադառնալու Անհրաժեշտութիւնը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Տանիէլ Պայեր ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի` Լեռնային Ղարաբաղի հարցով յատուկ նիստի ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են շարունակելու աշխատանքը կողմերուն հետ` երկարատեւ եւ բանակցուած լուծում գտնելու հարցին մէջ` ընդգծելով, որ տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակը կը փաստէ համակողմանի լուծման հասնելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու անհրաժեշտութեան մասին:

«Միացեալ Նահանգներ խստօրէն կը դատապարտեն զինադուլի լայնածաւալ խախտումները, որոնք տասնեակ կորուստներ պատճառած են. զոհուած են նաեւ քաղաքայիններ: Կ՛արտայայտենք մեր ցաւակցութիւնը վնասուածներու ընտանիքներուն: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները` խստօրէն հետեւելով զինադուլին եւ վերջ տալով անկայունութեան», ըսած է Պայեր:

«Թալիշի Դէպքերը Պէտք Է Արթնցնեն Միջազգային Ընտանիքը»
Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամը

Michele-Rivasi_40516

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Կանաչներու կուսակցութենէն երեսփոխան Միշել Ռիվասի միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ «արթննալու» եւ կանխարգիլելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ պատերազմի վերսկսումը:

Ռիվասի նշած է, որ խոր ցաւով տեղեկացած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի շփման գօտիին վրայ տեղի ունեցող դէպքերուն մասին: «Ես ցաւով տեսայ ազրպէյճանցիներուն կողմէ Թալիշի մէջ քաղաքայիններու սպանութիւններու սարսափելի լուսանկարները: Դէպքերու այդպիսի զարգացումը պէտք է արթնցնէ միջազգային ընտանիքը: Եւրոպան պէտք է զօրակոչի ենթարկէ իր ջանքերը` զինադուլը պահպանելու համար, հակառակ պարագային այս ամէնը պիտի առաջնորդէ ամբողջական պատերազմի, ինչ որ պիտի ապակայունացնէ ամբողջ շրջանը», ըսած է ան:

Կիպրոսը Կը Դատապարտէ
Ազրպէյճանի Գործողութիւնները

4 ապրիլին Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը` ղարաբաղեան – ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ լարուած իրավիճակին վերաբերեալ:

«Կիպրոսի կառավարութիւնը ուշի ուշով կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրադարձութիւններու զարգացման եւ իր անհանգստութիւնը կը յայտնէ Ազրպէյճանի կողմէ զինադուլի խախտումին վերաբերեալ: Մենք կը դատապարտենք ուժի կիրարկումն ու մարդկային կորուստները, յատկապէս` խաղաղ բնակիչներուն մէջ, եւ կոչ կ՛ուղղենք Ազրպէյճանին պահպանելու հաստատուած սահմանը: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը խաղաղ կերպով լուծելու այլընտրանք չկայ, եւ Կիպրոսի կառավարութիւնը այդ գործին մէջ կարեւոր կը նկատէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի դերակատարութիւնը: Միաժամանակ կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ` զերծ մնալու որեւէ գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք ա՛լ աւելի  անկայունացում կը պատճառեն տիրող իրավիճակին», նշուած է Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Վրաստանի Նախագահը Հանդէս Եկած Է
Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Օգտին

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի Վրաստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի շաբթուան ծիրին մէջ ընթացող ժողովրդական դիւանագիտութեան միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները յորդորած է «առաւելագոյն ջանքեր գործադրելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած լարուած կացութեան խաղաղ լուծման համար»:

«Մենք մեծապէս յոյսով ենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները առաւելագոյն ջանքեր պիտի գործադրեն, որպէսզի մեղմացնեն լարուած կացութիւնը եւ խաղաղ դիւանագիտական միջոցներով, միջազգային հանրութեան գործօն մասնակցութեամբ հասնին տագնապի խաղաղ լուծման», յայտարարած է ան:

Միւս կողմէ, «Կրուզիա Օնլայն»` յղում կատարելով վրացական արտաքին գործոց նախարարութեան, կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Ճանելիծէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ազրպէյճանցի գործընկերոջ` Իլմար Մամետեարովի հետ` մտահոգութիւն յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի սրման նկատմամբ եւ ընդգծելով տագնապի լուծման անհրաժեշտութիւնը:

«Միխայիլ Ճանելիծէ ընդգծած է, որ կարեւոր է դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները: Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնած է, որ միջազգային ընտանիքի օգնութեամբ կարելի պիտի դառնայ իրավիճակի կայունացումը, ինչ որ շատ կարեւոր է շրջանին մէջ կայունութեան համար», կ՛ըսուի վրացական արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ նախարարը կը նախատեսէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալ նաեւ իր հայ գործընկերոջ հետ:

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը
Տագնապի Խաղաղ Լուծման Կոչ Յղած Է
Երեւանին Եւ Պաքուին

Zarif_40516

ԻՍՆԱ կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իր հայ պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման կոչ ուղղած է:

Ըստ Զարիֆի, անհրաժեշտ է դադրեցնել բախումները եւ խաղաղութիւն հաստատել շրջանին մէջ: «Իրան կրնայ աջակցիլ երկու հակամարտող կողմերու տարակարծութիւններու լուծման` անոնց համապատասխան ցանկութեան պարագային», նշած է իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

ԻՍՆԱ-ի տուեալներով` Զարիֆ երէկ ուղղուած է Իրանի Ռամսար քաղաք, ուր երէկ սկիզբ առած է Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ երկօրեայ հանդիպումը:

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան
Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման Յոյս Յայտնած Է

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կողմերուն կոչ ուղղած է զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ խաղաղ բանակցային ճանապարհով լուծելու տագնապը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հուն Լէյ երէկ յայտնած է. «Մենք լիայոյս ենք, որ հակամարտող կողմերը զսպուածութիւն ու հանգստութիւն պիտի դրսեւորեն եւ ստեղծուած իրավիճակը պիտի լուծեն խաղաղ բանակցութիւններու ճանապարհով»:

Տեմրիթաշ Մեղադրած Է Թուրքիոյ Ղեկավարութիւնը
Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Պատերազմ Հրահրելու Մէջ

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշ մեղադրած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմ հրահրելու մէջ:

«Լեռնային Ղարաբաղը ինքնավար տարածք էր: Հայաստանն ու Ազրպէյճանը խնդիրը պէտք է լուծեն բանակցային սեղանի շուրջ, որովհետեւ պատերազմը որեւէ կողմի օգուտ պիտի չբերէ: Առաջին պահէն ալ Էրտողանն ու Տաւութօղլուն սկսան պատերազմ հրահրող յայտարարութիւններ ընել, «ազրպէյճանցիները թող ճզմեն, անցնին» ըսելով նոր պատերազմ հրահրելու ոգեւորութեան մէջ են», նշած է Տեմիրթաշ:

 

 

Նախորդը

Ղարաբաղեան-Ազրպէյճանական Սահմանի Դէպքերը Կը Շարունակուին Լուսարձակի Տակ Առնուիլ

Յաջորդը

Լոնտոնի Մէջ Ազրպէյճանցիներուն Բողոցի Ցոյցը Տապալեցաւ

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?