Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«1994-ի Զինադուլը Կոպտօրէն Խախտած Ազրպէյճան Կը Վայելէ Թուրքիոյ Բացայայտ Զօրակցութիւնը» Շեշտեց Վերա Եագուպեան

April 4, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

VERA_nkr

Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած յարձակումներուն մասին «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին կատարած լրատուութեան ընթացքին, կայանին կողմէ հեռաձայնային կարճ հաղորդակցութիւն մը հաստատուեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանի հետ:

Վ. Եագուպեան յայտնեց, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանին վրայ արձանագրուած զինուորական յարձակումը եղած է վտանգաւոր եւ 1994-ին հաստատուած զինադուլէն ի վեր ամէնէն լայնածաւալ զինուորական խախտումը:

«Նախորդ տարիներուն ընթացքին Ազրպէյճան մնայուն կերպով զինադուլը խախտած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ սահմանամերձ շրջանի զանազան կէտերուն վրայ, սակայն երէկ պատահածը ներթափանցում մըն էր, որուն համար օգտագործուած էին ծանր սպառազինութիւն, հրասայլեր, օդուժ, ինչպէս նաեւ ռազմավարական դիրքեր գրաւելու փորձեր կատարուած էին: Իսկ աւելի վտանգաւորը այն է, որ Պաքուի կողմէ շղթայազերծուած յարձակումը թրքական բացայայտ զօրակցութիւն կը վայելէ` նկատի ունենալով օր մը առաջ յայտարարուած թրքական պաշտօնական այն կեցուածքը, որուն հիման վրայ Թուրքիա Ազրպէյճանին բացարձակ զօրակցութիւն կը յայտնէր», ընդգծեց Եագուպեան:

Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի աշխարհագրական տարածքին մէջ կ՛իյնայ, Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը միշտ ալ հայկական եղած է` աւելցնելով պատմական այն փաստը, որ 1923-ին Ստալինի որոշումով ան բռնակցուած է Ազրպէյճանին:

«Ղարաբաղ հայկական հող է, անոր բնակիչները հայեր են եւ այդ հողերուն հայկական ինքնութեան մասին  պատմական փաստաթուղթեր կան», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Վ. Եագուպեան նոյն բովանդակութեամբ այլ հարցազրոյց մը ունեցաւ նաեւ եգիպտական «Օն» պատկերասփիւռի կայանին հետ:

 

 

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մէջ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Յաջորդը

Աթէնքի Մէջ. Բողոքի Ցոյց` Ազրպէյճանական Դեսպանատան Դիմաց

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.