Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատը Քոնկրեսի Յանձնախումբերուն Ներկայացուցած Է Հայաստանի Եւ Արցախի Օգնութեան Ծրագիրը

Մարտ 31, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Րաֆֆի Գարագաշեան
Րաֆֆի Գարագաշեան

Անցեալ շաբթուան ընթացքին քոնկրեսականներու հետ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ, Ամերիկայի Հայ դատի օրէնսդրական հարցերով վարիչ Րաֆֆի Գարագաշեան մարտ 21ին Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի յանձնախումբերուն ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2017-ի տարեկան վարկին մէջ հայութեան կարիքներու աջակցութեան նախապատուութիւնները, որոնք կը համապատասխանեն նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի առաջարկներուն:

Գարագաշեան լուսարձակի տակ առած է յատկապէս հետեւեալ երեք կէտերը.

– Արցախի համար առնուազն 5 միլիոն տոլարի բարգաւաճման օժանդակութիւն տրամադրել, որպէսզի կարելի ըլլայ պատերազմէն տուժած այդ շրջանին մէջ իրականացնել մարդասիրական եւ բարգաւաճման շարք մը ծրագիրներ, որոնց մէջ առաջնահերթութիւն կը կազմէ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ Քարոլայն Քոքսի անուան Ստեփանակերտի վերականգնողական կեդրոնի ընդարձակման եւ արդիականացման աշխատանքը: Սոյն կեդրոնը աւելի քան 1000 երեխաներու եւ չափահասներու ֆիզիքական ու հոգեկան կենսական խնամք կը տրամադրէ:

– Ազրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց ամբողջական կասեցում, այնքան ատեն, որ Պաքու կ՛ընդդիմանայ քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էնկըլի առաջադրանքներուն` արձակազէններու եւ ծանր զէնքերու հեռացումը սահմանէն, ԵԱՀԿ-ի յաւելեալ դէտերու հաստատումը եւ կրակոցներու սկզբնաղբիւրը բացայայտող սարքաւորումներու տեղադրումը:

– Առնուազն 10 միլիոն տոլարի յատկացում Հայաստանին` հոգալու համար Սուրիայէն եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներէ Հայաստան ապաստանած մօտ 20 հազար հայերուն կարիքները:

Ասոնց կողքին, շեշտուած են նաեւ`

– Հայաստանին առնուազն 40 միլիոն տոլարի տնտեսական աջակցութեան տրամադրում, զարգացնելու համար Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ առեւտուրն ու ներդրումներու կարելիութիւնները:

– Վրաստանի տրամադրուելիք օժանդակութեան առնուազն 10 տոկոսը յատկացնել Ջաւախքի մէջ աշխատանքի նոր կարելիութիւններ ստեղծելու ծրագիրներուն:

– Վերջ տալ Արցախի իշխանութիւնները խաղաղութեան բանակցութիւններէն հեռու պահելու քաղաքականութեան:

Միաժամանակ, Միացեալ Նահանգներու տարածքէն մեծ թիւով նամակներ եւ հեռաձայնային դիմումներ կատարուած են քոնկրեսականներուն, որպէսզի ապահովուի անոնց աջակցութիւնը` Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումի համաատենապետներ Ռապըրթ Տոլտի եւ Ֆրենք Փալոնի նամակին, ուր կը շեշտուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին օժանդակութեանց մէջ Հայաստանին եւ Արցախին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները աւելցնելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Համար Կարեւորագոյնը Լեռնային Ղարաբաղի Սահմանին Վրայ Բռնութեան Մակարդակի Նուազեցումն Է

Յաջորդը

Հայաստանի Բանակի Բժշկական Ստորաբաժանումը Պիտի Մասնակցի Բազմազգ Զօրավարժութեան

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?