
31 մարտէն 23 ապրիլ Հոհենֆելսի մէջ (Գերմանիա) տեղակայուած Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու միացեալ բազմազգ վարժական կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Միաձուլուած սուր-2016» բազմազգ զօրավարժութիւնը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու 32 հոգիէ բաղկացած բժշկական ստորաբաժանումը: Կը նախատեսուի, որ զօրավարժութեան մասնակցին շուրջ 18 երկիրներու մինչեւ 5000 զինուորներ:
Նշուած զօրավարժութեան ընթացքին հայկական կողմը պիտի ապահովէ ՕԹԱՆ-ի չափանիշներով երկրորդ մակարդակի բժշկական օգնութիւն: Պիտի բացուի եւ գործէ Հայաստանի զինուած ուժերու ամերիկեան ԻՄԵՏՍ համակարգի շարժական դաշտային հիւանդանոց, որուն անձնակազմը արդէն կը գտնուի Գերմանիա եւ աշխուժօրէն ներգրաւուած է զօրավարժութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ:
Նշուած զօրավարժութիւնը կը հանդիսանայ հիմնաքարերէն մէկը միջազգային առաքելութիւններու երկրորդ մակարդակի բժշկական հիւանդանոց տրամադրելու վերաբերեալ սեպտեմբեր 2015-ին` ՄԱԿ-ի խաղաղապահութեան նուիրուած գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու իրականացման նախապատրաստական հանգրուանին:


