Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Փալմիրի Ազատագրումը. «Հալէպը, Մուսուլը Եւ Սուլէյմանիյէն Թուրքիոյ Համար Ապահովական Գօտի Են» Ըսաւ Տաւութօղլու

Մարտ 30, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմեթ Տաւութօղլու
Ահմեթ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը կը հետեւի Հալէպի, Մուսուլի եւ Սուլէյմանիյէի մէջ տեղի ունեցող բոլոր զարգացումներուն եւ մտահոգ է այդ շրջաններուն մէջ ապահովական կացութեան նկատմամբ:

«Պաաշիքա շրջանին մէջ թրքական ռազմակայան հաստատելու պատճառը նախ եւ առաջ իրաքեան կառավարութեան եւ Մուսուլի բնակիչներուն օգնելն է` փրկելու իրենց քաղաքը, երկրորդ պատճառը այն է, որ Թուրքիոյ ապահովական գօտին կը սկսի Մուսուլէն` հասնելով մինչեւ Հալէպ եւ Սուլէյմանիյէի հիւսիսը, իսկ երրորդը` Սինճարի եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան բոլոր գործունէութիւնները արգիլելը եւ Քիւրտիստան մարզի կառավարութեան կայունութեան պահպանումը», ըսաւ Թուրքիոյ վարչապետը:

Տաւութօղլու շեշտեց, որ իր երկրին նպատակը Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-էն փրկելն ու նոյն ատեն շիի միլիսներուն քաղաք մուտք գործելը արգիլելն է: «Մեզի համար կարեւոր է գիտնալ, թէ ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ Հալէպի եւ Մուսուլի ազատագրումը, այնպիսի ձեւով մը, որ այդ քաղաքները չմնան ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքը եւ չանցնին Ասատի ու շիիական միլիսներուն ձեռքը», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի ողջունեց Սուրիոյ բանակին կողմէ հնագիտական Փալմիր քաղաքին վրայ վերահսկողութեան հաստատումը` զայն նկատելով «լաւ բան մը»:

Ան նշեց. «ՏԱՀԵՇ վնաս պատճառեց մարդկութեան պատմութեան ու գլխատեց հնագէտ մը, եւ այդ պատճառով ալ ՏԱՀԵՇ-ին այդ շրջանին չտիրելը կը նկատենք լաւ բան մը»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Սուրիոյ բանակին հնագիտական քաղաքին տիրելը կրնա՞յ ազդել երկրին քաղաքական փոխանցման փուլին վրայ, Քըրպի ըսաւ. «Սուրիական ուժերը ռուսական աջակցութեամբ սահմանափակ յառաջխաղացք արձանագրեցին»:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիայէն Դուրս Կը Տարհանեն Իրենց Զինուորականներուն Ընտանիքները

Յաջորդը

Եգիպտական Օդանաւ Մը Դէպի Կիպրոս Առեւանգուեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?