
Մասնակցութեամբ 149 խումբերու, որոնք եկած են Դանիայէն, Գերմանիայէն, Լիթուանիայէն, Սլովենիայէն, Լիբանանէն, Զուիցերիայէն եւ անշուշտ Իտալիայէն, որ կը հիւրընկալէ այս մրցաշարքը, տեղի կ՛ունենայ պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարք մը` աղջկանց 1998-1999 տարեկան դասակարգին մէջ, իտալական Սեսենաթիքօ քաղաքին մէջ:
Իր կատարած առաջին մրցումին, Հուփս 37-34 արդիւնքով յաղթեց Հելիոսին (Զուիցերիա), երկրորդին` Քորսիքային (Իտալիա), 36-28 արդիւնքով, իսկ երրորդին` Կարտիային (Իտալիա), 47-19 արդիւնքով:
Մրցաշարքը կը շարունակուի եւ կ՛ակնկալուի, որ լիբանանեան կազմը շարունակէ իր յաղթական ելոյթներու շարքը:


