
Նախորդ շաբաթավերջին Յորդանանի մէջ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը (ՈՒԱՊԱ) Ռիատի Պէյրութի յաղթանակով: Վերջինս իր կատարած վերջին մրցումին 87-64 արդիւնքով յաղթեց Սըրրիէ Ռամալլային (Պաղեստին) եւ այսպիսով յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները որոնք իրենց կատարած վերջին մրցումին 96-47 արդիւնքով յաղթեցին Ֆահիսին (Յորդանան), Ռիատիի ետին գրաւեցին երկրորդ դիրքը:
Պէտք է նշել, որ այս ախոյեանութիւնը ընթացաւ լիբանանեան խումբերուն տիրապետութեամբ` նկատի ունենալով, որ Ռիատի Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս ունեցան բացառիկ խաղարկութիւն եւ տիրապետեցին իրենց մրցակիցներուն վրայ:


