
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու մրցումներ:
ՀՄԸՄ, որ իր մրցումը կատարեց «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք), 95-79 արդիւնքով (19-18, 41-37, 72-62 եւ 95-79) պարտութիւն մը կրեց Թատամոնէն:
Մրցումը սկսաւ բաւական հաւասարակշռուած կերպով եւ անիկա այդպէս շարունակուեցաւ մինչեւ 3-րդ քորթըրին առաջին կէսը: Ատկէ ետք, Թատամոն հետզհետէ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց եւ մրցումը աւարտեց 16 կէտի առաւելութեամբ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի երեք հիմնական մարզիկներէն Ահմետ Իպրահիմ, Տուայն Ճեքսըն եւ Նետիմ Սուէյտ 5-ական ֆաուլ կատարելով մրցումը չկրցան շարունակել:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ կրեց տարեշրջանի իր 5-րդ պարտութիւնը` 11 յաղթանակներու կողքին, մինչ 7 պարտութիւն կրած Թատամոն արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Թատամոն բարձրացաւ 4-րդ դիրք, մինչ Մութթահետ նահանջեց 5-րդ դիրք` նկատի ունենալով, որ երէկ պարտուեցաւ Հուփսէն` 80-71 արդիւնքով: Վերջինս բարձրացաւ 3-րդ դիրք:
Ինչ կը վերաբերի Պիպլոսին, թէեւ անիկա մրցում մը ունի կատարելիք, սակայն պիտի մնայ 6-րդ դիրքին վրայ, իսկ Սաժես` 7-րդ:
Վերջին երկու դիրքերը կ՛որոշուին շաբաթ, 26 մարտին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը.
Նորվել Փել (34′ 36″, 17 կէտ, 14 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Նատիմ Սուէյտ (19′ 32″, 11 կէտ, 3 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Ճասթին Թապզ (32′ 51″, 11 կէտ, 5 ռիպաունտ), Հայկ Խաչերեան (1′ 53″), Ահմետ Իպրահիմ 18′ 55″, 5 կէտ, 3 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (24′ 22″, 2 կէտ, 4 ռիպաունտ), Պիլալ Թապպարա (22′ 26″, 6 կէտ, 1 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Պատիհ Սուէյտ (8′ 52″, 1 կէտ, 1 ռիպաունտ) եւ Տուայն Ճեքսըն (36′ 32″, 26 կէտ, 7 ռիպաունտ, 5 թրի փոյնթ):
Թատամոնէն Պրանքօ Սվեթքովիչ նշանակեց 27 կէտ:
Օրուան իրաւարարներն էին Փոլ Սքայեմ, Զիատ Թաննուս եւ Ռապիհ Մասրի: Մրցումը տեւեց 1 ժամ 44 վայրկեան: