Երէկ` հինգշաբթի, 24 մարտին, մահացաւ հոլանտացի ֆութպոլի աստղ Եոհան Քրույֆ` շուրջ 5 ամիս քաղցկեղի դէմ պայքարելէ ետք: Ան 68 տարեկան էր:
Ան մաս կազմած է Այաքս Ամսթերտամի եւ Պարսելոնայի, որոնց հետ տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու (այլ ակումբներու կողքին):
Ան բաւական լաւ եւ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրած է նաեւ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ:
Ան մահացաւ Պարսելոնայի մէջ գտնուող իր բնակարանին մէջ, շրջապատուած` իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն կողմէ: