
ՄԱՐՈՒԱՆ ԱՍՍԱՖ
«Ժըպրան Թուէյնի» հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած պասքեթպոլի 2-րդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 վարժարաններ, հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը:
Սաժես Պրազիլիա տիրացաւ տիտղոսին, երբ 60-48 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ գործակցութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Աւարտական այս մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ձեռամբ` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարի եւ «Ժըպրան Թուէյնի» հաստատութեան նախագահ Միշել Թուէյնիի:


