
Երէկ, Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի պատուիրակութիւնը, որ Փորթուգալէն վերադարձաւ Պէյրութ, իրեն հետ բերաւ 18 մետալ` բաւական տպաւորիչ եւ սքանչելի արդիւնքներ արձանագրելով Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած 2016-ի Քոնկ ֆուի ախոյեանութեան ընթացքին:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 70 երկիրներէ եկած շուրջ 4 հազար երկսեռ մարզիկներ:
Այդ 19 մետալներէն 5-ը եղան ոսկի, 3-ը` արծաթ, իսկ 11-ը` պրոնզ:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Պասսամ Նոհրա:


