ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը, որ Ռիատի Պէյրութի կողքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող ՈՒԱՊԱՅԻ աղջկանց պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութեան, երէկ կատարեց իր երրորդ մրցումը, այս անգամ զուտ լիբանանեան մրցումի մը ընթացքին ճակատելով Ռիատիի դէմ:
Սակայն երէկուան այս մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս չկրցաւ շարունակել իր յաղթական ընթացքը եւ 77-58 արդիւնքով պարտուեցաւ Ռիատիէն ՛18-13, 36-31, 58-43 եւ 77-58):
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ ցարդ կատարած է երեք մրցում, այսօր մրցում չունի կատարելիք: