
Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը դիմած է իւրայատուկ քայլի մը` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր մրցումի նախօրեակին կը պատուէ հիւրընկալ խումբին համակիրները:
Այս իրականութենէն մեկնելով` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Ուալիտ Նասսար ՀՄԸՄ – Հուփս տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումին ազդանշանը տրուելէն առաջ պատուեց եւ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի համակիրները ներկայացնող Մկօ Օտապաշեանին` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Կի Մանուկեանի:
Իր խօսքին մէջ Նասսար ըսաւ, որ համակիրները մի՛շտ ալ պասքեթպոլի յաջողութեան մէջ իրենց կարեւոր դերը կ՛ունենան, ի մասնաւորի ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք մի՛շտ ալ կ՛ըլլան օրինակելի:
Իր կարգին, Կի Մանուկեան ողջունեց ֆետերասիոնի նախագահին առած այս քայլը:


