Իր գումարած ժողովին ընթացքին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը 1 մրցումով կախակայեց եւ տուգանքի ենթարկեց Սաժեսը, որուն համակիրները կիրակի, 20 մարտին, Ռիատիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին հայհոյած էին հիւր կազմին հասցէին:
«Ֆայնըլ էյթ»-ի իր առաջին մրցումը Սաժես իր դաշտին վրայ կատարելիք ճակատումին պիտի մրցի առանց իր համակիրներուն` դռնփակ:
Բնականաբար, իր անկարգապահ համակիրներէն դժգոհ մնաց Սաժես, որ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ երեւան պիտի հանէ այդ համակիրներուն անունները եւ այդ ցանկը փոխանցէ ֆետերասիոնին, որպէսզի անոնց արգիլուի դաշտ մուտք գործել:
Ֆետերասիոնը նաեւ վերջին անգամ ըլլալով զգուշացուց Ռիատիի մարզիկներէն Իսմայիլ Ահմետը, որ համակիրներուն արարքին չպատասխանէ: