
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան, «Ֆութպոլ +» շաբաթաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ այն ֆութպոլիստներուն, որոնք այսուհետեւ պիտի չհրաւիրուին Հայաստանի ազգային հաւաքական:
«Եուրա Մովսիսեանի, Ռոպերթ Արզումանեանի եւ Գէորգ Գասպարովի հաւաքական չհրաւիրուիլը իմ պահանջս է: Ատիկա հետեւանք է վերջին երկու տարիներուն, անոնց ունեցած ոչ համոզիչ ելոյթներուն:
«Բոլորն ալ վստահաբար ականատես եղան Մովսիսեանի եւ Արզումանեանի ներկայացումներուն: Անոնք երբեք չեն պայքարիր լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար:
«Հաւաքականը 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կը կրէ, անդին ֆութպոլիստը մրցումէն ետք կը կատակէ եւ հոգն անգամ չէ, որ պարտուած է:
«Հաւաքականին մաս կազմելը զուարճանքի համար չէ եւ ոչ ալ զբաղումի:
«Ոմանք կ՛ըսեն, որ ֆետերասիոնին նախագահը կը միջամտէ հաւաքականին գործերուն: Եթէ ես չմիջամտեմ, հապա ո՞վ պիտի միջամտէ:
«Կը շեշտեմ այն կէտը բոլորին, որ այնքան ատեն որ ես ֆետերասիոնին նախագահն եմ, անոնք երեքն ալ մաս պիտի չկազմեն հաւաքականին», ըսաւ Հայրապետեան:


