
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող ՈՒԱՊԱՅԻ աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան, երէկ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 75-48 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն կազմերէն Օրթոտոքսին:
Ասիկա լաւագոյն ցուցանիշը եղաւ այն իրականութեան, որ մրցաշարքին մասնակցող լիբանանեան երկու խումբերը` Ռիատին եւ ՀՄԸՄ-ը միակ թեկնածուներն են տիտղոսին:
Ռիատի, որ ցարդ կատարած է մէկ մրցում եւ յաղթանակ արձանագրած, այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով, ժամը 17:00-ին, պիտի մրցի նոյնինքն ՀՄԸՄ-ի դէմ: