Երէկ` երեքշաբթի, 22 մարտին, «Փորշ» ընկերութեան կեդրոնատեղիին մէջ (Քոռնիշ Նահր) լիբանանցի երկու վարորդներ` Շարպել Հապիպ եւ Ուալիտ Սըմահա, տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 12 յունիսէն 17 յուլիս տեղի ունենալիք Փեքին – Փարիզ Քլասիք ինքնաշարժներու 6-րդ ռելիին:
Մեծաթիւ հրաւիրեալներու եւ մարզական լրագրողներու ներկայութեան, Շարպել Հապիպ անդրադարձաւ այս ռելիին` նշելով, որ անիկա բաւական արկածախնդրական է` նկատի ունենալով, որ միայն ինք ու իր օգնականը` Ուալիտ Հապիպ, կը մասնակցին այդ 35 օրուան վրայ երկարող ռելիին` առանց յաւելեալ օգնականներու, եւ այդ 13,695 քմ-ը պէտք է ամբողջացնեն առանձին:
Բնականաբար, անոնք իրենց հետ պիտի ունենան ինքնաշարժի վերաբերեալ գրեթէ բոլոր փոխնորդ կտորները:
Անոնք այս ռելիին կը մասնակցին 1964 տիպի «Փորշ 356- Սի.» ինքնաշարժով:
Այստեղ տեղին է նշել, որ անոնք այս ռելիին մասնակցող միակ արաբները պիտի ըլլան Արաբական աշխարհէն:
Լուսանկարները տրամադրեց
ԿՐԵԿՈՐԻ ՏՈՄԱՐՔ