
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ հայ իրաւարարները նկատի առնուած են 25 մարտին տեղի ունենալիք Ղազախստան – Պոսնիա մրցումին, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2017-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Վերոնշեալ մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Սուրէն Բալիեան, իսկ անոր օգնականները` Մեսրոպ Ղազարեան եւ Էրիք Արեւշատեան: Չորրորդ իրաւարարը պիտի ըլլայ Արման Ալաբերկեան:


