
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքէն` երէկ ArmSport.am յայտնեց, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամներ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան եւ Ռուբէն Ալեքսանեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ նախագահի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով դարձան տիտղոսակիր:
Քազանի մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքին, աղջկանց 75 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ, Խուրշուդեան բարձրացնելով 246 քկ (110 եւ 136) դարձաւ տիտղոսակիր: Այս դասակարգին մասնակցեցան 3 ծանրաբարձներ:
Իր կարգին, տիտղոսակիր դարձաւ Ռուբէն Ալեքսանեան (105 քկ եւ վեր)` բարձրացնելէ ետք 430 քկ (189 եւ 241):
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի երրորդ եւ վերջին ներկայացուցիչին` Առաքել Միրզոյեանին (94 քկ), ան բարձրացնելով 320 քկ հանդիսացաւ 5-րդ:


